Արմավիր մարզին մէջ գտնուող ճաշարանի մը մէջ կրակոցներ հնչած են: Այս մասին կը գրէ Shamshyan.com կայքը: Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ ՀՀ ազգային ժողովի անդամ Հրանդ Գրիգորեանին պատկանող «Մուսա լեռ» ճաշարանին մէջ անծանօթ զինեալ մը կրակ բացած է հոն գտնուողներուն ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով սպաննուած է 22-ամեայ ՀՀ քաղաքացի Արամ Կարպետեանը : Աւելի ուշ պարզ դարձած է, որ Արմէն Խլղաթեան անունով քաղաքացի մը հրազէնային ծանր վնասուածքներ ստանալէ ետք տեղափոխուած է հիւանդանոց: Դէպքի վայր ժամանած է ոստիկանական խումբ մը եւ կը կատարուի հետաքննութիւն: