ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրատեանը կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներուն հաղորդած է, որ մինչեւ հիմա H1N1 տեսակի ժահրով մահուան 18 դէպք գրանցուած է: Ան նշած է նաեւ, որ կտրուկ կերպով բարելաւում նկատուած է, հիւանդներու 99 տոկոսը ապաքինուած են: Փոլիքլինիքաները այցելողներու մօտ նոյնպէս բարելաւում նկատաուած է: Այսուհանդերձ նախարարը յայտնած է, թէ դպրոցներու արձակուրդները երկարաձգելու հարցը տակաւին քննարկութեան առարկայ է:
Մուրատեան նշած է նաեւ, որ այս պահուն արհեստական շնչառական գործիքին միացուած, թոքաբորբէ տառապող 7 հիւանդ կայ:
Նշենք, որ Յունուար 18-ի դրութեամբ H1N1 վարակիչ մահուան 16 դէպք գրանցուած էր:
Նիւթի աղբիւր՝ Թերթ.am