image

Խորտակուած Լաստանաւէն Յայտնաբերուած Են 3 Դիակներ. Թէքէեաններուն Ճակատագիրը Կը Մնայ Անյայտ

Խորտակուած Լաստանաւէն Յայտնաբերուած Են  3  Դիակներ. Թէքէեաններուն  Ճակատագիրը Կը  Մնայ Անյայտ

Շաբաթէ  մը ի վեր անյետացած Թէքէեաններու հարցով «Արեւելք» այսօր կապ  հաստատեց Պոլսոյ Պատրիարքութեան տեղապահ  Տ. Արամ Արք.  Աթէշեանին հետ: Սրբազանը  մեր հետ ունեցած հեռախօսազրոյցին ընթացքին  յայտնեց, որ ինք  կապ հաստատած է Իզմիր  ժամանած  Թէքէեաններու   հարազատ՝ Տիկին Նայիրիին հետ եւ անոր փոխանցած իր  պատրաստակամութիւնը   պէտք եղած       օգնութիւնը ցուցաբերելու  համար: «Խորտակուած  լաստանաւը  մօտիկ  ըլլալով  յունական   եզերքին,  դիմեցինք Յունաստանի մեր ծանօթներուն, որպէսզի որեւէ տեղեկութեան  պարագային մեզի լուր  մը փոխանցեն»,- ըսաւ Սրբազան հայրը,  յաւելելով, որ     պետական մարմիններ իրենց  սկսած    որոնողական աշխատանքները  կը շարունակեն  գտնելու համար   Թէքէեաններուն հետքերը: Ըստ   Արամ Սրբազանի փոխանցումին     մինչեւ երէկ    Յունաստանի  ափերուն մօտ խորտակուած  լաստանաւէն  յայտնաբերուած են 3  դիակներ: Ան նաեւ նշեց,  որ խորտակուած  նաւուն վրայ եղած են  14    անձեր, որոնցմէ  փրկուած են 7    հոգի, որոնց մէջ նաեւ  լողալով Իզմիր հասած   Արինա Թէքէեանը:  Արամ  Սրբազան  նաեւ նշեց, որ ինք  պատրաստ է    բոլոր միջոցներով օգնել        Արինա Թէքէեանին,  եթէ    Թուրքիայէն դուրս գալու համար  անհրաժեշտ   որեւէ    փաստաթուղթի  կարիք զգացուի: Նշենք, որ մեր ունեցած տեղեկութիւններուն համաձայն    Արինայի  պարագաները յարմար կը նկատեն, որ  երիտասարդուհին   իր մօրաքրոջ հետ Գերմանիա մեկնի,  եւ  այս առումով  գրաւոր  դիմում մը ներկայացուցած են Իզմիր  գտնուող  Գերմանիոյ հիւպատոսութեան: