image

Խորէն Արք. Տողրամաճեանին Ձօնուած Պոեմի Շնորհահանդէսը

Խորէն Արք. Տողրամաճեանին Ձօնուած Պոեմի Շնորհահանդէսը

Հայաստանի Ազգային գրադարանի թամանեանական մասնաշէնքի ընթերցասրահէն ներս 4 մարտին ժամը 13.00-ին տեղի պիտի ունենայ քնարերգու բանաստեղծ Յովհաննէս Ղազարեանի «Աղօթարան» պոեմի շնորհահանդէսը՝ ձօնուած յունահայոց թեմի Առաջնորդ, Գերաշնորհ Տէր Խորէն Արքեպիսկոպոս ՏողրամաճեանինՇնորհահանդէսը կազմակերպած են Հայկական ուսումնասիրութիւններու «Անի» կեդրոնը, Հայաստանի Գրողներու միութիւնը եւ Հայաստանի Ազգային գրադարանը: Միջոցառման ներկայ պիտի ըլլան բանաստեղծ Յովհաննէս Ղազարեանի գրչակից ընկերները, Գրողներու միութեան ղեկավարութիւնը եւ ազգային, քաղաքական ու պետական գործիչներ: Շնորհահանդէսին ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ Խորէն Արք. Տողրամաճեանը:
Գրողներու միութեան անդամ Յովհաննէս Ղազարեանը բազմաթիւ բանաստեղծութիւններու, քառեակներու, պոեմներու հեղինակ է, որոնք ամփոփուած են «Նոր ձայներ», «Ինքնանկար», «Վարդէ անձրեւ», «Իններորդ ալիք» եւ այլ ժողովածուներու մէջ: