image

Կենսոլորտային ջեռուցման բացասական հետեւանքները

Կենսոլորտային ջեռուցման բացասական հետեւանքները

Մօտ օրէն շատ ուշ կրնայ ըլլալ: Այս է ահազանգային միաձայն եզրակացութիւնը 184 երկիրներու 15.000 գիտնականներուն, որոնք կը ջանան ուշքի բերել մասնաւորաբար զարգացած ճարտարարուեստի տէր երկիրներու ղեկավարները, կլիմայական փոփոխութեան պատճառած օր ըստ օրէ շեշտուող վտանգներուն դէմ: Այս ահազանգը շարունակութիւնն ու հաստատումն է 1992-ի Ռիոյի «Երկիր մոլորակի ներկայ վիճակին» նկատմամբ զգուշացնող այն կոչին, որ կը ձգտէր կանխել ընդհանրացող թշուառութիւն մը, ինչպէս նաեւ կենսաբանական այլազանութեան աղէտալի կորուստը: Կլիմայի փոփոխութեան վիճարկումներու նպատակով վերջերս Գերմանիոյ մէջ կազմակերպուած COP23 համաժողովին, ինչպէս նաեւ Դեկտեմբեր 12-ի Փարիզեան համագումարի ընթացքին մասնակիցները երաշխաւորած են վերաքննութեան ենթարկել անհատական թէ հաւաքական վերաբերումը՝ զգալիօրէն նուազեցնելու համար բրածոյ վառելանիւթի, միսի եւ կարգ մը այլ սննդեղէններու սպառումը: Հիմա ջանանք ուսումնասիրել կլիմայական փոփոխութեան հաւանական հետեւանքները կարգ մը հիմնական նիւթերու վրայ:



Սուրճը – Պիտի կարենա՞նք շարունակել վայելել սրճելու մեր ամէնօրեայ հաճելի սովորութիւնը 21-րդ դարու երկրորդ կէսին ալ: Արտածող 43 եւ ներածող 7 երկիրներ համախմբող Սուրճի միջազգային կազմակերպութիւնը մտահոգ է այս ուղղութեամբ: Ջերմաստիճանի շարունակուող աճը հետզհետէ պիտի դժուարացնէ, նոյնիսկ անկարելի պիտի դարձնէ սրճենիի մշակումը աշխարհագրական որոշ վայրերու մէջ: Ի դէպ, իբրեւ արեւադարձային տունկ, սրճենին կ՚աճի 1200-2200 մեթր բարձրութեան վրայ 18-էն 22 աստիճան ջերմութեան պայմաններու տակ: Ջերմաստիճանի բարձրացումը ցած բարձունքներու վրայ տնկուած սրճենիներու մշակումին լուրջ արգելք կրնայ հանդիսանալ, որ թարգմանի սուրճի մշակելի տարածութիւններուն 50 տոկոս նուազում մինչեւ 2050 թուականը: Կլիմայական փոփոխութիւններուն հակադարձելու համար երկու միջոց կը նախատեսուի. մէկ կողմէն ածխածին երկօքսիտի արտանետման համաշխարհային տարողութեամբ նուազեցման զգալի յառաջընթաց, եթէ ոչ՝ սուրճի մշակման նոր եղանակներու որոնում, յարգելով հողի պահանջքը եւ ջուրի խնայողութիւնը:



Բամպակը – Անձրեւային շրջանի կրած փոփոխութիւնները բամպակի արտադրութիւնը յեղաշրջումի կ՚ենթարկեն: Մինչդեռ բամպակը իր աճման կենսական շրջանին առատ ջուրի կարիքը ունի: Ասկէ զատ բամպակենիի զարգացումը խանգարումի կ՚ենթարկուի, երբ ջերմաստիճանը 32 աստիճանը անցնի: Ոռոգումէն կախեալ արտադրութեան մեծ հողաշերտեր ջերմաստիճանի բարձրացման եւ ջուրի պակասի պատճառով իրենց արդիւնաւէտութենէն լուրջ կորուստներ կ՚ունենան ինչպէս Հնդկաստանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Փաքիստանի պարագային: Այս ուղղութեամբ մարտահրաւէրն է հնարել բամպակի այն տեսակը, որ աւելի տոկուն ըլլայ կլիմայական փոփոխութիւններու:



Միսը – Եթէ կողիկի խորոված ճաշակելը սպառողներու համար ընդհանրացած հաճոյք է, այս վերջինը վտանգի տակ է յառաջիկայ տասնամեակներուն: Որովհետեւ 2016-ին աշխարհի տարածքին արտադրուած 294 միլիոն թոն միսի քանակը պահանջած է 7 միլիառ ոչխարի եւ հաւազգիներու անասնաբուծման գործընթաց: Այս վերջին թիւը կը ներկայացնէ մոլորակային ջեռուցման պատճառ կազային արտանետման 15 տոկոսը: Ըստ Կլիմայի եղափոխութեան միջկառավարական խումբի մասնագէտներու (Groupe d'experts intergouvernemental sur l'évolution du climat [GIEC]) կարծիքին՝ մինչեւ 2050 թուականը այս համեմատութիւնը պիտի հասնի 25 առ հարիւրի, նկատի ունենալով աշխարհի բնակչութեան աճը՝ մօտաւորապէս 10 միլիառ անձ, եւ մսի սպառումի յաւելեալ բարձր աճ ՝ բազմաթիւ երկիրներու կենսամակարդակի բարելաւման պատճառով: Այս աճը պիտի պարտադրէ բնական միջավայրերու քայքայում եւ անտարահատում, թէ՛ անասուններու արածման յաւելեալ դաշտեր ստեղծելու եւ թէ՛ որպէս կեր սոժայի մշակման հողամասեր պատրաստելու անհրաժեշտութեան հետեւանքով: Այսուհանդերձ, յուսադրիչ է այն նախատեսումը, թէ կարելի է 30 տոկոս նուազեցնել ածխածին տիօքսիտի արտանետումը, եթէ կերերու փոխադրութիւնը զանց առնուի, ինչպէս նաեւ հնարաւորինս կանխուի անտառահատումը: Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի բնակչութեան 3%-ը, Գերմանիոյ եւ Անգլիոյ բնակչութեան 9%-ը արդէն դադրեցուցած են միսի սպառումը:



Գարեջուրը – Գարեջուրը կը պատրաստուի զուտ ջուրէ եւ խմորուած գարիէ, որ կը կոչենք ծլագարի-malt, եւ խառնուրդին լեղի համը կը տրուի աւելցնելով հմուլ-houblon: Հետեւաբար ջուրի պակասէն տառապող հողամասերը այս աշխարհատարած ըմպելիի արտադրութենէն զրկուելու վտանգին ենթակայ են: Իսկ գալով գարիին, այս վերջինին մշակումը լրջօրէն կ՚ազդուի գարնան վաղահաս տաք եղանակէն: Ինչ կը վերաբերի հմուլին, այս վերջինը թէպէտ կը դիմադրէ բարձր ջերմաստիճանի, այսուհանդերձ կարիքը ունի առատ ջուրի, հետեւաբար գերզգայուն է երաշտի պայմաններուն: Այս իսկ պատճառաւ վերջերս Միացեալ Նահանգները պարտադրուած է 60 տոկոս աւելցնելու հմուլի մշակման տարածութիւնները, արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու համար: Ֆրանսայի մէջ 95%-ով արտադրութեան գլխաւոր տեղը գրաւող Ալզաս նահանգն ալ իր կարգին, ամռան, ջուրի սովին դիմակալելու ստիպողութեան վտանգին դէմ յանդիման կը գտնուի: Անցեալ Յուլիս ամսուան ընթացքին այս նահանգի երկրագործները արդէն պարտադրուեցան ջուրը հերթափոխութեամբ գործածելու:



Աւազոտ ծովափերը – Ծովը կը յառաջանայ դէպի ցամաք: Կլիմայական եղափոխութեան միջկառավարական խումբի մասնագէտներու արժեւորումին համաձայն՝ այս յառաջընթացը մինչեւ 2100 թուականը պիտի հասնի 40 սմ.էն մինչեւ 1 մեթր, ջերմաստիճանի ընդհանուր բարձրացման եւ սառոյցներու հալքին պատճառաւ: Որպէս հետեւանք՝ ծովը պիտի կլանէ անհաստատ եւ դիւրաբեկ բոլոր վայրերը, այսինքն ծովափերը: Ֆրանսայի մէջ Աքիթէն հողամասի ծովեզերեայ շերտը արդէն տարին 1-էն 3 մեթր կը նահանջէ, իսկ Միջերկրականի մէջ ընդհանուր առմամբ աւազոտ այն գօտիները, որոնք ծովալճակներ կը ձեւացնեն, հետզհետէ աւելի խոցելի դարձած են: Ծովուն կողմէ աւազներու կլանման դէմ՝ ծովափնեայ զբօսաշրջային շատ մը կեդրոններու մէջ ժայռերէ կազմուած պաշտպանութեան թումբերու երեւոյթը ընդհանրացած պատկեր դարձած է: Բնակելի արեւադարձային կղզիներն ալ վտանգի տակ են: Մէկ խօսքով ծովափերը ենթակայ են անհետանալու լուրջ վտանգին եւ մարդիկ նոյնքան պատասխանատւութիւն կը կրեն ատոր մէջ, որքան՝ կլիման:



Պատրաստեց՝
Սուրէն Շէրիք 

«Նոր Յառաջ»