Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերը հարուածներ հասցուցած են Իրանի միջուկային կառոյցներուն եւ սպառազինութեան արտադրութեան վայրերուն։
«Միջուկային զէնքի կառոյցները եւ սպառազինութեան արտադրութեան վայրերը Իրանի երեք շրջաններուն մէջ ենթարկուած են հարուածներու՝ աւելի քան 50 օդանաւերու մասնակցութեամբ։ Երէկ Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերու աւելի քան 50 կործանիչներ, հիմնուելով Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի հետախուզական տուեալներուն վրայ, միաժամանակ հարուածներ հասցուցած են Իրանի երեք շրջաններու ենթակառուցուածքներուն»,– յայտարարած է ՑԱԽԱԼ-ը։
Նշուած է, որ Իրանի մէջ Իսրայէլի կողմէ թիրախ դարձուած կառոյցներուն շարքին կը գտնուի նաեւ պալիսթիք եւ զենիթային հրթիռներու բաղադրիչներու արտադրութեան վայրը։