image

Կեմերովոյի հրդեհին հետեւանքով զոհուածներուն մէջ կան երկու հայեր

Կեմերովոյի հրդեհին հետեւանքով զոհուածներուն մէջ կան երկու հայեր

Ռուսաստանի  Կեմերովօ քաղաքին մէջ  պատահած  հրդեհին   հետեւանքով զոհերու շարքին են երկու  հայորդիներ:

Այս  մասին կը   հաղորդէ «Հայկական  Ժամանակ»ը նշելով,  որ  այս մասին   տուեալները  ստացած է Ռուսաստանի հայերու միութեան Կեմերովոյի գրասենեակի ղեկավար Կէորկի Անտոնով-Միրզախանեանէն: Անոր խօսքով՝ ազգութեամբ հայ զոհերը հայր եւ որդի են, բայց ռուսական ազգանուններով՝ Կալանին Տմիթրի Սարգիսի եւ Կալանին Միխայիլ Տմիթրիի: Հայրը ծնած է 1975 թուականին, որդին՝ 2008: 

«Փաստաթուղթերուն մէջ իրենք ռուս կը համարուին, բայց Տմիթրիի հայրը Սարգիս Կարապետի Խումարեանն է՝ ծնունդով Ախալցխայէն, վրացահայեր են: Բայց քանի որ Սարգիս Խումարեանը կնոջմէն բաժնուած եղած է, տղուն՝ Տմիթրիին տուած է մօր ազգանունը»,- ըսած է ան:

Յիշեցնենք, որ աւելի  վաղ ՀՀ ԱԳՆ-ն յայտնած էր, որ Կեմերովոյի «Զիմնիայա Վիշնիա» առեւտուրի կեդրոնին մէջ 25 մարտին տեղի ունեցած հրդեհի զոհերու շարքին ՀՀ քաղաքացիներ, կամ ազգութեամբ հայեր չկան,  սակայնհայաստանեան որոշ լրատուամիջոցներ  յայտնեն հրդեհի հետեւանքով զոհերու շարքին հայերու առկայութեան մասին:

Նշենք, որ ողբերգական հրդեհին հետեւանքով զոհերուն թիւը հասած է 79-ի: