Իսրայէլեան ուժերը անցնող չորեքշաբթի գիշերուընէ մինչեւ լուսաբաց քանի մը օդային յարձակում իրագործած են Ղազզայի դէմ, կը յայտնէ «Մաա» պաղեստինեան լրատուական գործակալութիւնը:
Աղբիւրին համաձայն, իսրայէլեան ուժերը թիրախաւորած են յատկապէս պաղեստինեան ինքնապաշտպանութեան ուժերու ռազմակայանները:
Հրթիռակոծումը մեծ աւերածութիւն առաջացուցած է: Պաղեստինեան կողմը տուած է երեք զոհ, որոնք թուին՝ յղի կին մը իր փոքրիկ աղջկան հետ, մինչդեռ վիրաւորներու թիւը հասած է 12-ի:
Ի պատասխան իսրայէլեան յարձակումներուն, պաղեստինեան ինքնապաշտպանութեան ուժերը հրթիռներ արձակած են իսրայէլեան բնակավայրերու ուղղութեամբ:
Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպաս շարք մը միջազգային հեռախօսազրոյցներով պահանջած է միջազգային հանրութեան անյապաղ միջամտութիւնը, տեղի ունեցող աղէտին վերջ տալու նպատակով:
Իսրայէլեան աղբիւրներու համաձայն, Ղազզայէն արձակուած 220 հրթիռներ թիրախաւորած են իսրայէլեան 50 բնակավայրեր, 3 անձի վիրաւորման պատճառ դառնալով: