Կարեւոր իրադարձութիւն Պէյրութի մէջ. Տիւրզի առաջնո Լիբանանի քաղաքական կեանքին մէջ կարեւոր ազդեցութիւն եւ դեր վերցուցած երկու տիւրզի առաջնորդները ՝ Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ Թալալ Արսլան այսօր հաշտութիւն պիտի կնքեն։
Այս մասին լուրը հաղորդեց «էլ. Պի. Սի. Այ.» կայանը։
Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ հաշտութիւնը պիտի գոյանայ Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ ներկայութեամբ եւ հովանաւորութեամբ երկրի նախագահ զօր. Միշէլ Աունին։
«Արեւելք»ի ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ տիւրզի համայնքի երկու գլխաւոր առաջնորդներ հանդիսացող Ուալիտ Ժոմպլաթն ու Թալալ Արսլանը անցնող շաբաթներուն բուռն վէճերու բռնուած էին, «Ալ Պասաթին» եւ «Քապր շմուն» շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած զինեալ ծանր միջադէպերուն պատճառով։
Անոնց միջեւ առկայ տարակարծութիւնները նաեւ կապ ունին երկու առաջնորդներուն ունեցած քաղաքական արեւելումներու տարբերութեան հետ, եւ մինչ Ժոպլաթ կը հարի Արեւմտեան ուժերուն, անդին Արսլան կը համարուի Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ամէնահաւատարիմ եւ վստահելի գործակիցներէն մին։
Հարկ է նաեւ նշել, որ երկու տիւրզի առաջնորդներուն միջեւ առկայ տարակարծութիւնները խորքային պատճառ դարձած էին, որ աւելի քան մէկ ամիսէ ի վեր վարչապետ Հարիրիի կառավարութիւնը չկարողանայ նիստ գումարել, հետեւաբար նաեւ երկիրը մատնել քաղաքական անդամալոյծ վիճակի։