image

Իտլիպի մէջ. Թրքական բանակի 3 զինուորներ «Քորոնա»ով վարակուած են

Իտլիպի  մէջ. Թրքական   բանակի  3 զինուորներ  «Քորոնա»ով վարակուած են

   Իտլիպի մէջ գտնուող   թրքական  բանակի  զինուորներ «Քորոնա»-ով վարակուած են։

 

 Այս  մասին   տեղեկութիւնը  հաղորդած է  թրքական   «Կրիհաթ»  պարբերականը։

 Աղբիւրը  նաեւ կը նշէ, որ  անցնող   ժամերուն   թրքական բանակի  3 զինուորներու մօտ   բարձր  ջերմութիւն նշմարուած է, որուն հետեւանքով ալ, վերջիններս   փոխադրուած են բուժման կէտ, ենթարկուած են քննութեան եւ անոնց մօտ հաստատուած է  «Քորոնա» վարակի     գոյութիւն։

 

 Աղբիւրը կը նշէ, որ    թրքական բանակի  զինուորները  շատ հաւանաբար   վարակն առած են Իտլիպի մէջ գտնուող  ահաբեկիչ  զինեալներէ, որոնցմէ շատերը        օտարերկարցի են։

 Յիշեցնենք, որ     Սուրիա  ներխուժած  թրքական բանակը, Իտլիպէն զատ կը գտնուի երկրի   սահմանային  6   այլ  կարեւոր  շրջաններու մէջ։