image

Իտլիպի հարցով Մոսկուա Վերջին պայմանաժամ տուած է Անգարային

Իտլիպի  հարցով Մոսկուա Վերջին պայմանաժամ տուած է  Անգարային

Ռուսական «Սուապոտնայա Բրէսա» թերթը յօդուած մը հրապարակած է «Իտլէպի ազատագրման նախապատրաստական գործողութիւններ»ու մասին:

Յօդուածագրը նշած է, որ նախքան սուրական ուժերու հիւսիսային շրջաններ հասնիլը, Թուրքիա սկսած է Իտլիպի մէջ ուժեղացնել իր ռազմակէտերն ու նոր հենակէտեր ստեղծել:

Թերթին փոխանցմամբ, Ռուսիա մէկ ամիս պայմանաժամ տուած է Անգարային, Իտլիպի հարցը լուծելու համար, շեշտելով, որ եթէ վերջինս ձախողի ըստ պահանջուածի լուծել այն, ամբողջ Իտլիպը պիտի թիրախաւորուի Սուրիոյ բանակին կողմէ:

Միւս կողմէ թրքական կողմը կը ջանայ միաւորել Իտլիպի մէջ կեդրոնացած ուժերը, եւ նման նախագիծի յաջողութեան պարագային, այնտեղ կրնայ 70 հազար զինեալէ բաղկացած բանակ հաւաքուիլ:

Միաժամանակ թերթը կարծիք յայտնած է, որ Ռուսիա եւ Թուրքիա շահագրգռուած չեն հակամարտութիւններու ալիք ստեղծելու,  որովհետեւ այն կրնայ անյաջողութեան մատնել Ասիտանայի բանակցութիւնները: