Իսրայէլի նախկին նախագահ Մոշէ Քացաւ, որ հինգ տարիէ ի վեր բանտարկուած էր բռնաբարութեան մեղադրանքով, ազատ արձակուած է: Այս մասին յայտնած է «Ֆրանսբրէս» գործակալութիւնը:
Աղբիւրը կը նշէ նաեւ, որ Քացաւ եօթ տարուան ազատազրկման դատապարտուած էր, սակայն Գլխաւոր Դատախազութեան որոշմամբ անոր պատիժի նուազեցում շնորհուած է:
Ըստ դատարանի յայտարարութեան, ազատ արձակուած 70-ամեայ նախկին քաղաքական գործիչը մինչեւ պատիժի ժամկէտի աւարտը, այսինքն՝ երկու տարի, ենթակայ պիտի ըլլայ որոշ սահմանափակումներու, օրինակ՝ իրաւունք պիտի չունենայ երկիրը լքելու, երեկոյեան ժամը 10:00-էն մինչեւ առաւօտուայ ժամը 6:00՝ տունէն դուրս գալու, հարցազրոյցներու մասնակցելու:
Յիշեցնենք, որ Մոշէ Քացաւի դէմ ազատազրկման դատավճիռը հրապարակուած էր 2010 թուականի վերջը՝ իր երկու օգնականները բռնաբարած ըլլալու, սեռական ոտնձգութիւններ կատարելու եւ վկաները կաշառելու մեղադրանքներով:
2007 թուականին Քացաւ ազատուած է իր պաշտօնէն, իսկ 2011 թուականի Դեկտեմբերին բանտարկուած է: