image

Իսրայէլի մէջ այսօր ընտրութիւններ են

Իսրայէլի մէջ այսօր ընտրութիւններ են

Այսօր առաւօտեան Իսրայէլի մէջ բացուած են ընտրական տեղամասերը եւ տեղի կ'ունենան երկրի պատմութեան մէջ Քնեսեթի առաջին կրկնակի ընտրութիւնները։ Ապրիլին կայացած ընտրութիւններէն ետք Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն չկարողացաւ ապահովել խորհրդարանական մեծամասնութեան աջակցութիւնը (120 տեղերէն 61-ը), ինչը յանգեցուց Քնեսեթի լուծարման: Այս մասին կը գրէ «Քոմէրսանթ»-ը։

Ընտրութիւններու արդիւնքներով պիտի որոշուի 22-րդ խորհրդարանի կազմը, որմէ ետք պէտք է ձեւաւորուի կառավարական դաշինք եւ ընտրուի վարչապետը: Իշխող «Լիքուտ» կուսակցութեան գլխաւոր մրցակիցը «Քահոլ-Լաւան» ընդդիմադիր դաշինքն է՝ Իսրայէլի դրօշի գոյներով «Կապոյտ եւ սպիտակ» դաշինքը։

Ընդհանուր առմամբ, Իսրայէլի մէջ բացուած է շուրջ 10,5 հազար ընտրատեղամաս: Մեծ քաղաքներուն մէջ ընտրատեղաասերը կ'աշխատին մինչեւ 22:00-ը, փոքր քաղաքներու մէջ, հիւանդանոցներու եւ բանտերու մէջ կը փակուին 20:00-ին: Իսրայէլի իշխանութիւնները կ'ակնկալեն, որ աւելի քան 6,3 միլիոն մարդ պիտի քուէարկէ ընտրութիւններուն։