image

Իսրայէլեան գաղթակայանին վրայ գրոհի փորձ կատարած պաղեստինցին սպաննուած է

Իսրայէլեան գաղթակայանին վրայ գրոհի փորձ կատարած պաղեստինցին սպաննուած է

Ռամալլայի հարաւ-արեւելեան հատուածին մէջ գտնուող իսրայէլեան գաղթակայանի մը վրայ գրոհի փորձ կատարած պաղեստինցին սպաննուած է: Այս մասին կը յայտնէ «Ֆրանսբրէս» գործակալութիւնը, վկայակոչելով Իսրայէլեան Զինուած Ուժերու մամլոյ խօսնակին յայտարարութիւնը:

Նշուած է, որ պաղեստինցին ինքնաշարժով փորձած է յարձակում գործել իսրայէլեան գաղթակայանին վրայ, որուն հետեւանքով իսրայէլցի զինուորներ գնդակահարելով սպաննած են զինք: Աղբիւրին հաւաստմամբ, իսրայէլեան կողմը ոչ մէկ վնաս կրած է:

Իսրայէլեան Զինուած Ուժերու յայտարարութեան մէջ կ’ըսուի. «Պաղետինցի մը իր ինքնաշարժով յարձակում գործեց Քոխաւ Եաքով գաղթակայանի մուտքին գտնուող հանրակառքերու կանգառին վրայ», աւելցնելով՝ «Սպառնալիքին որպէս պատասխան մեր ուժերն անմիջապէս կրակ արձակեցին յարձակողին վրայ, որուն հետեւանքով վերջինս սպաննուեցաւ: Յարձակում գործողին մօտ յայտնաբերուած է դանակ մը»: