Սուրիոյ Զինուած ուժերու հրամանատարութիւնը յայտարարած է, որ այսօր՝ կէսգիշերէն անմիջապէս ետք, Իսրայէլ ռմբակոծման ենթարկած է մայրաքաղաք Դամասկոսի արեւմտեան կողմը գտնուող մեծ ռազմական օդակայան մը: Այս մասին տեղեկութիւն կը ստանանք սուրիական պաշտօնական հեռուստակայանէն:
Սուրիական բանակը կատարուածը «օրինազանց յարձակում» որակած է, զգուշացնելով Թէլ Աւիւը իր արարքին հետեւանքներէն, խոստանալով յարձակող կողմին պատասխան հարուած հասցնել :
Նշենք, որ Իսրայէլի հիւսիսը՝ «Թապարէյյա» լիճին մօտ գտնուող ռազմական օդակայանը նախագահական պահակագունդի ուժերու կեդրոն համարուող խոշոր ռազմակայան է: