image

Իսրայէլ եւ «Հըզպալլա» կը ճակատին նաեւ ...համացանցի վրայ

Իսրայէլ եւ «Հըզպալլա» կը ճակատին նաեւ ...համացանցի վրայ

 Իսրայէլեան համացանցային մէկէ աւելի ընկերութիւնները քարոզչական արշաւ մը սկսած են լիբանանեան «Հըզպալլա» կազմակերպութեան դէմ: Այս մասին  տեղեկութիւնը կը փոխանցէ «Ալ Ժատիտ» կայանը վկայակոչելով իսրայէլեան «Եէտոհոթ  ահրոնոթ» պարբերականի կայքին:

 Աղբիւրը կը նշէ, որ «Հըզպալլա»ի 2006 թուականի յուլիսին դիմագրաւած  պատերազմին առթիւ հրապարակած քարոզչական տեսերիզներէն եւ «պատգամ»ներէն ետք իսրայէլեան բանակին մօտիկ համարուող կազմակերպութիւններ  շղթայազերծած են քարոզչական «պատերազմ» մը, որուն գլխաւոր նպատակն է «սարսափ» տարածել Լիբանանի հանրութեան  մօտ:

  Այդ քարոզչական պատերազմին որպէս նմոյշ «Ալ  Ժատիտ» կայանը հրապարակած է լուսանկար մը, որուն վրայ արաբերէնով գրուած է ««Հըզպալլա»ի պատասխանատուներ տեսէ՛ք, թէ ձեզի ինչ կը սպասէ..» պատկերին մէջ ներկայացուցած է իսրայէլեան բանակի հրանօթային համազարկի խարիսխ մը, ի նշան իսրայէլեան կողմին «Հըզպալլա»ի որեւէ քայլին դէմ ըլլալիք իսրայէլեան հաւանական պատասխանին: Այլ  պատկերի մը վրայ ներկայացուցած է «F 35» տիպի կործանիչի մը պատկերը, որուն տակ գրուած է ՝« դուք պիտի չազատիք  մեր կործանիչներէն»:

  Նշենք, որ 11 տարի առաջ եղած պատերազմէն ետք եւ մինչեւ օրս երկու կողմերը առանց ոչ մէկ ատեն դադար առնելու իրար դէմ սպառնալիքներ կը հնչեցնեն, ու անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը խօսի իր անպարտելի ըլլալուն եւ վստահ յաղթանակին մասին: