Գաղտնիք չէ որ վերջին շրջաններուն Արեւմտեան աշխարհի մէջ ծաւալուն կերպով կ'ընդլայնի իսլամ կրօնքի դէմ թշնամութեան ալիք մը, որ բնականաբար մեծ անհանգստութիւն կը պատճառէ իսլամ շրջանակներուն:
Ֆրանսայի մէջ իսլամներու նկատմամբ թշնամութեան նոր գայթակղութիւն մը հրապարակուած է: Ֆրանսայի Սահմաններու Ապահովութեան Ոստիկանութեան Ընդհանուր Կեդրոնէն զանազան պաշտօնեաներու ելեկտրոնային նամակ մը ղրկուած է, որուն մէջ իսլամներու նկատմամբ թշնամական ծանր նախադասութիւններ տեղ գտած են: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Սապահ» թերթը, նշելով, որ նամակին մէջ կ'ըսուի որ «Իսլամ կրօնքը Եւրոպայի քաղցկեղն է», «Ֆրանսացի ժողովուրդը երբեք այսքան ծանր հիւանդացած չէր», «Մահմետականութիւնը քաղցկեղի մէթասթազն է», «ամէն մարդ իր կարելիութիւնները ի գործ դնելով պէտք է դէմ կանգնի իսլամներուն» եւ տակաւին նմանօրինակ թշնամական նախադասութիւններ:
Իսլամ շրջանակները անմիջապէս գանգատ ներկայացուցած են այս Ել-նամակին դէմ ու պահանջած, որ հարցաքննութիւն բացուի նամակի հեղինակին մասին: Ըստ հաղորդուած լուրերու, Ֆրանսական ոստիկանութիւնը հարցաքննութիւն՝ բացած ու կրցած է ստուգել այդ նամակը գրողին ինքնութիւնը: Բայց տեղեկութիւն չկայ ոչ անոր ինքնութեան մասին, ոչ ալ այն մասին թէ ան պատժուած է թէ ոչ:
Թուրք մամուլը, որ այս լուրին արձագանգ կը հանդիսանայ, կը գրէ որ իսլամներու դէմ թշնամութիւնը վախազդու մակարդակի բարձրացած է:
Իսլամներու դէմ անհանգստութիւն մըն ալ հրապարակուած էրՊելճիքայի մէջ, որուն մասին երէկ հաղորդած էինք: