«Իրաք պատրաստ է ամէն գնով նպաստել, որպէսզի Ռիատ- Թեհրան լարուածութիւնը մեղմանայ» այս մասին յայտարարած է Իրաքի ներքին գործոց նախարար Քասէմ ալ Ահրաճի: Նախարարը, որ իր իրանցի պաշտօնակից Ապըտ ալ Ռիտա Ռահմանի Ֆատլիի հետ Թեհրանի մէջ միացեալ մամլոյ ասուլիս տուած է նաեւ ըսած է, որ Սէուտցի մէկէ աւելի պատասխանատու յայտնած է, որ թագաւորութիւնը կը հաւատայ, որ Իրաք կարեւոր դեր ունի առկայ լարուածութեան վերացման համար: Իրաքցի նախարարը նաեւ նշած է, որ առկայ լարուածութեան վերացման համար առաջին խնդիրը Իրանցի ուխատւորներուն Մաքքա այցի ժամանակ ցոյց տրուելիք դրական վերաբերմունքն է, որմէ ետք կարելի պիտի յաւելեալ դրական քայլեր ձեռնարկել:
Նշենք, որ վերջին տարիներուն Թեհրան- Ռիատ յարաբերութիւնները մտած են բաւական բարդ եւ գրեթէ անդամալուծուած փուլ մը:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել