«Քասէմ Սուլէյմանի... Իրանի պահապանը» խորագրով յօդուած լոյս տեսած է ֆրանսական «Le Monde» թերթին մէջ, ուր մանրամասնօրէն քննութեան ենթարկուած է Իրանեան յեղափոխական պահակազօրի «Ալ Քուտս» ջոկատի հրամանատարը, որուն շնորհիւ իրանեան ազդեցութիւնը տարածուած է Իրաքի, Լիբնանի եւ Սուրիոյ մէջ:
Թերթը նշած է, որ Սուլէյմանի պատերազմի դաշտին մէջ սովորաբար զինուորական տարազ չի կրեր, եւ անոր լուսանկարները տարածուած էին, երբ Հալէպի պատերազմի աւարտին աւերակները կը ստուգէր եւ յաղթանակը կը նշէր:
Ըստ ամերիկեան աղբիւրներու, Սուլէյմանի 3 տարի առաջ այցելած է Մոսկուա, սուրիական խնդիրը Փութինի հետ արծարծելու նպատակով, եւ ի'նք է, որ 2015 թուականին կարգաւորած է ռուսական զօրքերու մուտքը Սուրիա:
Թերթը Սուլէյմանին կոչած է «Միջին Արեւելքի հզօրագոյն տղամարդը»: Ան արդէն 37 տարիներէ ի վեր պատերազմներու կը մասնակցի, սկսած 1980 թուականի Իրան-Իրաք հակամարտութենէն:
Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն մէկուն վկայութեամբ, Իրանեան յեղափոխութենէն ի վեր Սուլէյմանի ոչ մէկ խաղաղ օր ապրած է, ան ոչ թէ պատերազմի դաշտին մէջ սպաննուելէ կը վախնայ, այլ իր անկողինին մէջ խաղաղ մահէն:
Թերթին ձեռք բերած տեղեկութիւններուն համաձայն, Սուլէյմանի աղքատ ընտանիքի մէջ հասակ առած է, 13 տարեկանին որպէս շինարարութեան բանուոր աշխատած է, այնուհետեւ 22 տարեկանին միացած է յեղափոխութեան պահակազօրին, ուր աստիճանաբար յառաջանալով ղեկավար պաշտօններ ստանձնած է: