Սուրիոյ մէջ ընթացող մարտերուն զոհուած է Իրանի Իսլամական հանրապետութեան բանակի զինուոր Արմէն Սարգսեան: Այս մասին տեղեկութիւնը հրապարակուած է Ֆէյսպուք ընկերային ցանցին վրայ: Հակառակ անոր, որ Արմէնի սպաննութեան վայրը չի նշուիր, բայց ենթադրելի է, որ հայազգի զինուորը սպաննուած է Դամասկոսի մէջ,որովհետեւ մահուան լուրին մէջ Արմէնը կը նշուի, որպէս Սայիտտա Զայնապ սրբազան վայրի պահապան, իսկ Շիիթներու սրբազան վայր համարուող Սայիտա Զայնապի շիրիմը կը գտնուի Դամասկոսի մէջ: