Իրանի արտաքին գործոց նախարար՝ Մուհամմէտ Ճաուատ Զարիֆ նամակ յղած է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշին` տեղեկացնելով ԱՄՆ-ի անօրինական միջոցառումներու հետեւանքով յառաջացած սպառնալիքներու մասին, ինչպիսիք են միջուկային գործարքէն դուրս գալը եւ Իրանի դէմ կիրառուած պատժամիջոցները, կը յայտնէ Tasnim-ը:
Իր ուղերձով Զարիֆ մատնանշած է Միացեալ Նահանգներու կողմէն ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան շարունակական խախտումը` նշելով, մասնաւորապէս, ՄԱԿ-ի Կանոնադրութեան 25-րդ յօդուածի խախտումը, որ կը սպառնայ ՄԱԿ-ի հեղինակութիւնն ու ամբողջականութիւնը, Twitter-ի իր միքրոպլոկին վրայ գրած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Սեյիտ Ապպաս Մուսաուին:
Աւելի վաղ` մարտին, Կութերեշին ուղղուած նամակով Զարիֆ նշած էր, որ ԱՄՆ-ի պատժամիջոցները հիմնական խոչընդոտն են «Քորոնա» ժահրի բռնկման դէմ Իրանի պայքարին եւ կոչ ըրած էր վերացնելու միակողմանի եւ ապօրինի պատժամիջոցները: