image

Իրան չի հանդուրժեր, որ իր սահմաններուն ահաբեկիչներ ըլլան. Նախարար Զարիֆ

Իրան  չի հանդուրժեր, որ իր սահմաններուն ահաբեկիչներ ըլլան. Նախարար Զարիֆ

Իրանի Արտաքին Գործոց նախարարը նախազգուշացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներու տեղափոխման եւ ներկայութեան մասին:

«Իրանը գրեթէ վստահ է, որ հակամարտութեան մասնակցած են ահաբեկիչները, ու Թեհրանը կը պնդէ, որ այդ ոչ մէկու շահերէն կը բխի»,- ըսած է նախարարը:

Ան աւելցուցած է, որ իր վերջին բանակցութիւններու ընթացքին, Իրան Ատրպէյճանի Հանրապետութեան, Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն տեղեկացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ահաբեկչական խումբերու տեղափոխման եւ ներկայութեան մասին՝ ընդգծելով, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը նման բան չի հանդուրժեր:

Իրանի Արտաքին Գործոց նախարարը ընդգծած է.

«Ներկայիս Իրանի սահմաններուն ահաբեկիչներ չկան, սակայն երկրի սահմաններէն դուրս անոնց ներկայութեան հաւանականութիւնը նախկինին պէս բարձր է»: