Սուրիոյ արդէն 5-րդ տարին թեւակոխած պատերազմին հետեւանքով Հալէպի եկեղեցիները յայտնուած են ծանր ու աւերակուած վիճակի մը մէջ: Ստորեւ կը ներկայացնենք «Արեւելք»ին հասած տեղեկութիւններով Հալէպի քրիստոնէական եկեղեցիներուն այսօրուան իրավիճակը:
1. Հայ Առաքելական Ս. Վարդան Եկեղեցին, Նոր Գիւղի մէջ, ամբողջովին աւերուած:
2. Հայ Առաքելական եկեղեցին Սըլայման ալ-Հալապիի կից, ամբողջովին աւերուած:
3. Աւետարանականներու Ալ-Քայսարիյէ շրջանի եկեղեցին, ամբողջովին աւերուած:
4. Յոյն կաթողիկներու Տիրամօր եկեղեցին Շէյխ Մուքսուտի մէջ, ամբողջովին աւերուած:
5. Մարոնիթներու Ս. Աստուածածին եկեղեցին, Համիտիյէ շրջանին մէջ, ենթարկուած է ուղղակի եւ ահաւոր վնասուածքներու: Եկեղեցին, որ գտնուի պատերազմական գիծի վրայ եւ այդ պատճառով եկեղեցիէն ներս աւելի քան մէկ ու կէս տարի ի վեր աղօթք չէ բարձրացուած:
6. Յոյն Ուղղափառներու Համիտիյէի շրջանի Սուրբ Գէորգ եկեղեցին ենթարկուած է ուղղակի եւ ահաւոր վնասուածքներու: Կը գտնուի պատերազմական գօտիի վրայ, ուր աւելի քան մէկ ու կէս տարի աղօթք չէ բարձրացուած:
7. Մարոնիներու պատմական Ս. Եղիա Մարգարէ եկեղեցին, Ժըտայտէի շրջան: Ենթարկուած է ուղղակի եւ ահաւոր վնասուածքներու: Կը գտնուի բախումներու շրջանի սահմանին, ուր նոյնպէս աւելի քան մէկ ու կէս տարի աղօթք չէ բարձրացուած:
8. Հայ Առաքելական Քառասուն Մանկանց պատմական եկեղեցին, Ժըտայտէի շրջանին մէջ: Ենթարկուած է ուղղակի եւ ահաւոր վնասուածքներու: Կը գտնուի բախումներու շրջանի սահմանին, ուր աւելի քան մէկ ու կէս տարի ի վեր աղօթք չէ բարձրացուած:
9.Կաթողիկէ Ասորիներու Ս. Ասիա Ալ-Հաքիմ եկեղեցին, բուրդի շուկային մօտ: Ենթարկուած է ուղղակի եւ ահաւոր վնասուածքներու: Կը գտնուի պատերազմական գօտիի վրայ, ուր տարիներէ ի վեր աղօթք չէ բարձրացուած:
10. Յոյն Ուղղափառներու Ս. Աստուածածին եկեղեցին, բուրդի շուկային մօտ: Ենթարկուած է ուղղակի եւ ահաւոր վնասուածքներու: Կը գտնուի պատերազմական գօտիի վրայ, ուր աւելի քան մէկ ու կէս տարի աղօթք չէ բարձրացուած:
11. Յոյն Կաթողիկէներու Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, Ժըտայտէի շրջան, ենթարկուած է ուղղակի վնասուածքներու:
12. Ասորիներու Սուրբ Կուսին Վերափոխման Կաթողիկէ եկեղեցին, հին հրշէջի վարչութեան մօտ: Ուղղակի եւ ահաւոր վնասուածքներ:
13. Սուրբ Տէմէթրիոս եկեղեցին, Ճապրիյէի շրջան: Ուղղակի եւ ահաւոր վնասուածքներ:
14. Շէյխ Մաքսուտի քրիստոնէական գերեզմանատուները: Գրեթէ ամբողջութեամբ աւերուած:
15. Հալէպէն դուրս գտնուող հնագիտական վայրեր (Սուրբ Մարունի վանքը, Սուրբ Սիմոն Սիւնեցի, եւ ուրիշներ ...) ,ամբողջովին աւերուած: