Անցնող երկու ամիսներուն լրատուական ծառայութեանց հետաքրքրութեան գլխաւոր առանցք հանդիսացող Հալէպ քաղաքը մտած է կարեւոր փուլ: Ինչ որ ամիսներէ ի վեր կը խօսուէր, այսօր դանդաղ քայլերով կը մօտենայ իրականութեան, մէկ տարբերութեամբ սակայն, որ ինչպէս շարք մը վերլուծաբաններ կը սպասէին՝ Հալէպի մէջ մեծ ճակատամարտ տեղի պիտի չունենայ: Պարզ այն պատճառով, որ որպէս ընդդիմադիր ներկայացող ահաբեկիչները գետնի վրայ առաջուան նման իրավիճակ ստեղծող ուժ չեն ներկայացներ: Անկախ անկէ, որ այդ խմբաւորումները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը հարկատու է տարբեր շրջանային երկրի մը, իրար միջեւ ծանր տարրակարծութիւններ ունին. երեւելի է նաեւ, որ անոնք, այսպէս ասած, սուրիական «յեղափոխութեան» նախկին տրամադրուածութիւնը չունին: Ծրագրի պակասը, շրջանային երկիրներուն մէկ յատակագիծով չներկայանալու փաստը՝ այդ խմբաւորումներուն հասցուցած է բոլոր առումներով քաղաքական ու բարոյական սնանկացումի հանգրուանի մը: Ինչ որ այսօր կը կատարուի Հալէպի մէջ, ցոյց կու տայ, որ Սուրիոյ բանակին զօրավիգ հանդիսացող կողմերը քաղաքական բաւական ուսումնասիրուած ծրագրի մը կրողն են ու պատրաստակամ են ամէն գնով այդ ծրագրիրը իրականութիւն դարձնել: Սուրիոյ պետական մարմիններու ծրագիրը մէկ է՝ ազատագրել Հալէպը: Թէ ինչ զարգացումներ կրնան շաղախուիլ յառաջիկայ օրերու դէպքերուն՝ յստակ չէ, պարզ է սակայն, որ կան տարբեր սցենարներ, որոնցմէ ամէնէն հաւանականը Հոմս քաղաքի սցենարն է: Ատոր հիմունքով է նաեւ, որ Սուրիոյ բանակը առիթ կրնայ տալ ահաբեկիչ խմբաւորումերուն Հալէպի շուրջ եղած իր թաքստոցներէն դէպի լեռնային շրջաններ հեռանալ ու մարտը Հալէպէն հոն տեղափոխելով սկիզբ տալ թաղային կամ փարթիզանական մարտերուն: Այդ իրավիճակին սկիզբը նոր կեանք պիտի գրէ Հալէպին ու հակառակ անոր, որ այս դարաւոր քաղաքը այսօր մեզի կը ներկայանայ որպէս աւերակուած ու վիրաւոր քաղաք, սպասելի է, որ Սուրիոյ պետական մարմինները ունենալով իրենց նեցուկ երկիրներու անմիջական զօրակցութիւնը, զարկ տան Հալէպը վերակերտելու ընդհանուր գործընաթացին: Ասկէ ամիսներ առաջ, մեզմէ շատերուն համար Հալէպը անցեալին պատկանող պատմութիւն էր: Հալէպը անջրդի էր, շրջափակուած ու սովի դռներու առջեւ կեցած: Այսօր իրավիճակը տարբեր է: Ու հակառակ անոր, որ Հալէպի հայկական գաղութը կրնայ իր անցեալ փառքի օրերը չունենալ, սակայն իրականութիւն է, որ ամէնէն ահռելի գիշերներու ու արիւնալի ցերեկներուն մէջէն վերյառնող այդ գաղութը դարձեալ կեանքով ու յոյսով թեւեր պիտի առնէ ու Փիւնիկի իր թեւերը պարզելով կեանքի՛ ու յոյսի դասեր պիտի բաշխէ մեզի բոլորիս: