image

Ի յուշ Լիլիթ Տէրեանի. Իրանի քանդակագործութեան մայրը

Ի յուշ Լիլիթ Տէրեանի. Իրանի քանդակագործութեան մայրը

7 Մարտին Թեհրանի մէջ 88 տարեկանին իր մահկանացուն կնքած է իրանահայ անուանի արուեստագիտուհի Լիլիթ Տէրեան։

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուած է Մարտ 16-ին Թեհրանի մէջ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներու եւ արուեստասէրներու մասնակցութեամբ։

Լիլիթ Տէրեանը կ՚անուանեն «Իրանի ժամանակակից քանդակագործութեան մայրը». անոր աշխատանքները երկրին մէջ կարելի է տեսնել ամէնուր, իսկ հայկական եկեղեցիներու ու մշակութային կեդրոններու տարածքներուն մէջ ատոնք գրեթէ «անխուսափելի» են։ Ան քանդակագործ ու նկարիչ էր, որուն աշխարհընկալումը կ՚ընդգրկէր հայկական, պարսկական ու եւրոպական մշակութային աւանդութիւնները։


***


Ան փոքր հասակէն հակում ունէր կերպարուեստին… կերպընկալ, կաւ, մատիտ, խաւաքարտ, խէժ...

Դպրոցէն ետք Լիլիթ Տէրեան Թեհրանի մէջ համալսարան ընդունուած է: Ան մէկ տարի կերպարուեստի տեսութիւն ուսումնասիրած է` մանկապատանեկան սիրողական փորձ ունենալով: Մէկ տարի ետք գնահատած է, թէ ժամանակը հասած է համատեղելու իր ձեռք բերած տեսական գիտելիքներն ու փորձառութիւնը՝ նոր, մասնագիտական մակարդակով. թեհրանեան համալսարանի շրջանակը նեղ էր թէ՛ գաղափարապէս, թէ՛ աշխարհագրականօրէն: Տէրեան Ֆրանսա կը մեկնի:

 


Ի հարկէ, Փարիզ. թէ ոչ՝ ո՞ւր պիտի մեկնէր նկարիչը գիտութեան ու ոգեշնչման համար: Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ «Պօ զ՚Առ» կերպարուեստի բարձրագոյն դպրոցը Տէրեանին կու տայ ա՛յն՝ ինչ «կեանքի ուղեգիր» կ’անուանեն:

Անտարակոյս, Լիլիթ Տէրեան կրնար մնալ Փարիզ, ուր տաղանդաւոր նկարիչները չեն կորնչիր: Կ’ունենար ցուցահանդէսներ, արագ եւրոպական (կամ նոյնիսկ համաշխարհային)ճանաչում ու եթէ նոյնիսկ ան ի կեանս դասական չդառնար՝ կ՚ունենար իր սեփական պատկերասրահը, որ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին իրեն կ՚ապահովէր յաճախորդներ ու հասարակութեան մէջ բարձր կարգավիճակ:

Բայց եւ այնպէս, նախընտրեց վերադառնալ Իրան: 1960 թուականէն Տէրեան դասաւանդած է Թեհրանի տարբեր համալսարաններու եւ կերպարուեստի գոլէճին մէջ: Իրանի երիտասարդ քանդակագործներէն եւ գեղանկարիչներէն շատեր Լիլիթ Տէրեանին աշակերտած են: Ժամանակի ընթացքին զինք սկսած են անուանել «Իրանի ժամանակակից քանդակագործութեան մայրը»: Այս տիտղոսը ինքնաբերաբար հաստատուեցաւ, երբ Թեհրանի հայկական եկեղեցիներէն մէկուն բակին մէջ զետեղուեցաւ Տէրեանի կերտած Մեսրոպ Մաշտոցի քանդակը:

2007 թուականին իրանական իշխանութիւնը վաստակաւոր քանդակագործին նուիրուած յատուկ երեկոյթ կազմակերպեց «Իմամ Ալի» կրօնական արուեստի թանգարանին մէջ:

«Ես բաւական ներամփոփ մարդ եմ, չեմ սիրեր երկար-բարակ խօսիլ: Աւելի լաւ է արտայայտուիմ գիծով, գոյնով, ձեւով», ինքն իր մասին կ’ըսէր Լիլիթ Տէրեան:

Ան աջ ու ձախ հարցազրոյցներ չէր տար, նկարահանումներն ալ առանձնապէս չէր սիրեր, «աւելի լաւ է աշխատանքները նկարահանէք», կը թելադրէր ան լրագրողներուն ու ֆիլմի բեմադիրներուն:

Բայց հակառակ այս բոլորին` կը մնար արուեստագէտներու շրջանակի եւ երկրի բարձաստիճան խաւի ուշադրութեան կեդրոնին: Ասոր լաւագոյն փաստը,– ի մէջ այլոց,–իրանական իշխանութեան կողմէ արժանացած այն բարձրագոյն ուշադրութիւնն էր, որուն կ՚արժանանային երկրի միայն շատ յատուկ անձնաւորութիւններ:

Այս մասին կը վկայէ իրանական այն պետական պաշտօնեաներու ցանկը, որոնք իրենց պարտքը համարած են ցաւակցութիւն յայտնել Լիլիթ Տէրեանի մահուան առթիւ: Անոնց շարքին են` Իրանի Արտաքին գործոց նախարարի մամլոյ քարտուղար Պահրամ Քասեմի, Իրանի Իսլամական ուղղուածութեան ու մշակոյթի նախարար Մոճթապա Հոսէյնի, այլ ծառայութիւններու ու գերատեսչութիւններու ղեկավարներ:

Եթէ Թեհրան երթալու ըլլաք՝ անպայման այցելեցէք Ս. Աստուածամօր ու Սուրբ Թարգմանչաց եկեղեցիները. սկիզբը բակին մէջ դիտեցէք Տէրեանի հեղինակած արձանները,ապա միայն տաճար մտէք մոմ վառելու:

 

Քաղուած՝

«Sputnik Արմենիա»-ի կայքէջին

լոյս տեսած՝ Ռուբէն Գիւլմիսարեանի գրութենէն