Լիբանանեան Հըզպալլա կազմակերպութեան բարձրաստիճան պատասխանատու ՝ Մուսթաֆա Պատըր Ալ Տին (յայտնի Զուլ Ֆիքար ծածկանունով) սպաննուած է Սուրիոյ մէջ: Այս մասին լուր փոխանցող աղբիւրներ կը նշեն, որ Մուսթաֆա Պատըր Ալ Տին զոհուած է Դամասկոսի օդակայանին մօտ եղող իր կեցութեան վայրին մօտ եղած պայթումին հետեւանքով: Հըզպալլա այս առթիւ յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով փոխանցած է լուրը, նշելով, որ Պատըր Ալ Տին «տարիներու վրայ երկարած եւ պայքարով յատկանշուող իր կեանքը աւարտեց նահատակութեամբ»: Նշենք, որ Պատըր Ալ Տին կը համարուէր Հըզպալլայի յայտնի զինուորական ղեկավարներէն Իմատ Մուղնիյէի (սպաննուած 2008 -ին Դամասկոսի մէջ) փոխանորդը: Ան վարած է բազում բարձրաստիճան պաշտօններ, որոնց կարեւորագոյնը եղած է Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար ՝Հասան Նասրալլայի խորհրդականի պաշտօնը: Պատըր Ալ Տինի անունը շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ Լիբանանի վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպաննութեան գործը քննող միջազգային դատարանի շրջանակներուն մէջ: