Իրանեան «Իրան» պետական թերթը յայտնած է, որ իր լրագրողուհիներէն Էլահի Խոսրաւի աշխատանքէն ազատուած է այն բանէն ետք, երբ թուիթըրեան գրառմամբ մը քննադատած է «Հըզպալլա»ի գործունէութիւնը:
Խոսրաւիի քննադատութիւնը կը վերաբերէն «Հըզպալլա»ի ղեկավար Հասան Նասրալլային ու Իրանի նախագահի նախկին թեկնածու Իպրահիմ Ռաիսիի համատեղ լուսանկարին:
«Կը նայիմ այս նկարին ու կը զգամ, որ չեմ զղջար քուէարկութեանս համար»,- գրած է լրագրողուհին:
Գրառումը բացատրուած է այնպէս, թէ Խոսրաւի կը քննադատէ Միջին Արեւելքի մէջ Իրանի վարած քաղաականութիւնը, որմէ ետք վերջինս աշխատանքէն ազատուած է, բան մը, որ «Թուիթըր»ի էջերուն բողոքի մեծ ալիք բարձրացուցած է: