Հայֆայի համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու ամպիոնի դասախօս փրոֆեսոր Օրի Պար Եուսէֆ «Հաարէթց» թերթին մէջ յօդուած մը հրապարակած է, ուր կարծիք յայտնած է, թէ Կազայի մէջ իրականացուած անվտանգութեան միջոցառումներն ու քանիցս Սուրիոյ եւ Իրանի դէմ իրագործուած ռազմական յարձակումներու անպատասխան մնալն ապացոյց է, որ Իսրայէլի անվտանգութիւնն աւելի քան երբեք բարձր մակարդակի վրայ է: Յիշեալ հանգամանքներուն կարելի է աւելցնել ԱՄՆ-ի կողմէ Իսրայէլի վայելած մշտական աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ նախագահ Թրամբի կողմէ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք յայտարարուիլը:
Յօդուածագիրին կարծիքով, նման իրավիճակի միակ խանգարողը «Հըզպալլա»ի զինամթերքի հսկայ պահեստն է, որ Իսրայէլը աննախադէպ ծանր կացութեան կը մատնէ:
Ըստ անվտանգութեան ծառայութեան կանխատեսումներուն, «Հըզպալլա»ի հետ յառաջիկայ առճակատման առաջին իսկ օրերուն վերջինս Իսրայէլի ուղղութեամբ 3000-4000 հրթիռ պիտի արձակէ, բան մը, որ ոչ թէ հազարաւոր մարդկային զոհեր պիտի պատճառէ, այլ երկիրը հիմնախախտ պիտի ընէ:
Հեղինակը համոզուած է, որ «Հըզպալլա» իր ունեցած հրթիռներուն շնորհիւ կրնայ այնպիսի աւերածութիւն պատճառել, որ Իսրայէլի համար անհնար է այն կանխել: