Հռոմի Ֆրանչիսքոս Պապը աշխարհի բոլոր երկիրներու ղեկավարներուն կոչ ուղղելով, յորդորեց, արագօրէն ջնջել մահապատիժի դատավճիռները:: Հռոմի Ս. Պետրոս հրապարակի վրայ իր պատգամը ուղղելով ուխատւորներուն ու հազարաւոր հաւատացեալներուն, Ֆրանչիսքոս Քահանայապետը ըսաւ, որ աւետարանական «մի՛ սպաննէ» պատուիրանը կը վերաբերի բոլորին՝ թէ՛ անմեղներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն:«Նոյնիսկ յանցագործները կեանքի իրաւունք ունին, որովհետեւ Աստուածն է որ կեանք տուած է անոնց», ըսաւ Քահանայապետը: Հռոմի Պապը յորդորեց ո՛չ միայն չեղեալ յայտարարել մահապատիժը, այլ նաեւ բարելաւել բանտերու մէջ կալանաւորներուն պայմանները: