Երէկ ուշ գիշեր հրթիռարձակումներ եղած են Համայի եւ Հալէպի մերձ: Այս մասին լուրը հաղորդեց Sky News Arabic կայանը նշելով, որ յատկապէս Համայի մէջ թիրախ դարձած են Սուրիա գործուղուած իրանեան բանակի կեդրոններ:
Նոյն աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ հրթիռարձակումներուն հետեւանքով կան 40 զոհեր, որոնց մեծ մասը իրանցիներ են: Աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ գրանցուած են 60-է աւելի վիրաւորեալներ:
Իր կարգին «Ալ Մարսատ» ընդդիմադիր կայքը հաղորդեց, որ հրթիռները թիրախ դարձուցած են «Լիուա 47» զօրակայանը եւ հրթիռարձակումներուն հետեւանքով ծանրօրէն վիրաւորուած է իրանցի զօրավար Հայան Թալալ Մոհամմատը: