Սուրիոյ Օգնութեան խաչի (ՍՕԽ) Շրջանային վարչութիւնը հաղորդագրութեամբ մը կը յայտնէ, թէ 2016-ի նոր տարուան սեմին, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ճամբով եւ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան ներդրումով, Սուրիոյ Ազգային վարժարաններու 600 աշակերտներ օժտուած են ձմեռնային տաք զգեստներով։ Վերոնշեալ ձմեռնային զգեստները կը պատրաստուին Ս.Օ.Խաչի աշխատանոցէն ներս։Հաղորդագրութեան մէջ Ս.Օ.Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, Գանատայի Շրջանային Վարչութեան եւ բոլոր ազնիւ բարերարներուն, Սուրիահայ համայնքին հանդէպ ունեցած ուշադիր եւ հոգատար վերաբերմունքին համար: