2 հոկտեմբերին, ՀՀ փոխվարչապետ, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան միջեւ տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի համանախագահ՝ Մհեր Գրիգորեան ժամանած է Մոսկուա:
Մոսկուայի մէջ կը նախատեսուի Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետի աշխատանքային հանդիպումը Ռուսաստանի Դաշնութեան փոխվարչապետ, երկու պետութիւններու միջեւ տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի համանախագահ՝ Ալեքսէյ Օվերչուքի հետ, երկկողմանի տնտեսական օրակարգի եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրէն ներս համագործակցութեան հարցերը քննարկելու նպատակով: