image

Հերթը հասաւ լիբանանցի լրագրողներուն. Ինչ քայլեր կ՚իրականացնեն Պէյրութ ապրող լրագրողները պայքարելու համար «Քորոնա»ի դէմ

Հերթը  հասաւ լիբանանցի  լրագրողներուն. Ինչ  քայլեր  կ՚իրականացնեն  Պէյրութ  ապրող   լրագրողները  պայքարելու համար «Քորոնա»ի դէմ

Լիբանանցի   հեռուստակայաններ եւ լրագրողներ  նոյնպէս  հեռու չեն այն բոլորէն, ինչ կը կատարուի Լիբանանի  մէջ, մանաւանդ «Քորոնա» ժահրին  Լիբանան հասնելէ ետք: Այս  մասին  կը գրէ «Ալ Ախպար»  պարբերականը, նշելով, որ   լիբանանեան   կայաններու   պատասխանատուներ    նոյնպէս  դիմած են նախազգուշական միջոցներու` կանխելու համար ժահրով վարակումը։ Որոշ կայաններ.  օրինակ, կատարած են նկատելի քայլեր, խուսափելու վարակէն, մանաւանդ որ թղթակիցները անմիջականօրէն կը հաղորդակցին   վարակը կրող  մարդոց հետ:

Այս նիւթի կապակցութեամբ,  Պէյրութի  Քոլա շրջանի մէջ, «Ալ-Ժատիտ» հեռուստակայանի մուտքին, պատասխանատու մը նշանակուած է ստուգելու ներս մտնողներու ջերմութիւնը եւ անոր հիման վրայ վերաբերելու աշխատակիցներուն կամ այցելու հիւրերուն հետ: Իսկ թղթակից Ռաշէլ Քարամ ուշագրաւ քայլով մը, ենթարկուած է «Քորոնա» ժահրի քննութեան: Ոմանք ենթադրած են, որ ան դիմած է այդ քայլին, այն պատճառով, որ ան      մասնակցած է  «Ռաֆիք Ալ-Հարիրիի պետական ​​հիւանդանոց»էն  կատարուած ուղիղ  հեռասփռումներուն, հիւանդանոց մը   որ այսօրուան դրութեամբ  կը համարուի  Լիբանանի  մէջ  «Քորոնա» վարակէն բռնուածներուն  գլխաւոր եւ միակ կեդրոնը։ ​​ Քարամ,   աւելի  ուշ  իր  Թուիթըրեան էջով     գրած է, որ քննութեան արդիւնքը բացասական էր: MTV հեռուստակայանի մէջ ալ իրավիճակը չի տարբերիր այլ հեռուստակայաններէ, որոնք ձեռնարկած են կանխարգելիչ միջոցներ, բայց այստեղ նաեւ ձեռք մաքրող հականեխիչ նիւթեր դրուած են հաստատութեան մուտքերուն ու ելքերուն:

LBCI հեռուստակայանի հականեխման քայլը  անհատական ​​էր, բայց կարեւոր էր, որ աշխատակիցները հետեւին անոր:

Իսկ Al-Mayadeen հեռուստակայանէն խումբ մը լրագրողներ իրենք  զիրենք  ենթարկած են «կանխազգուշացում-մեկուսացման», յատկապէս  որ անոնցմէ շատեր   վերջերս   այցելութիւն  տուած են  Իրանի   իսլամական հանրապետութիւն։ Իր հերթին, լրագրող Ահմետ Ապտուլլահը հրապարակած է տեսանիւթ մը, ուր յայտարարած է թէ ան երկու շաբաթ առողջապահական հսկողութեան տակ պիտի մնայ,   նշելով նաեւ, որ  իր մօտ «Քորոնա»ի   ոչ մէկ ախտանիշ երեւցած է։ Կը նշուի  նաեւ, որ   «Ալ Մայատին» կայանի     գլխաւոր տնօրէնի  պաշտօնը  վարող հմուտ  լրագրող  Ղասսան  Պըն Ժըտոն եւ իր  որդին,  նոյնպէս  կը  կը գտնուին առողջապահական հսկողութեան տակ, տրուած  ըլլալով, որ ան   նոյնպէս  վերջերս այցելած էր  Թեհրան։