Հայկազեան Համալսարանի տարբեր տարիներու շրջանաւարտները հանդիպում մը ունեցած են Երեւանի մէջ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանդիպման կազմակերպիչներէն: Մեր թղթակիցը նաեւ փոխանցեց, որ հանդիպման ընթացին խօսք առած է Հայկազեան Համալսարանի տնօրէն ՝ Վերապատուելի Փօլ Հայտոսթեան: Վերապատուելին ներկաները ողջունելով տեղեկութիւններ փոխանցած է համալսարանի մէջ ծաւալուող գործունէութեան մասին: Տեղի ունեցած է կարծիքներու փոխանակում եւ Հայաստանի կրթական ոլորտի եւ ուսման հեռանակարներու մասին հնչած են կարծիքներ: