Արցախեան բանակի ստորաբաժանումներ զսպիչ գործողութիւններ կատարած են Թալիշի հատուածի ճակատին վրայ: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ ԼՂՀ ՊՆ-ի կայքը: Աղբիւրը նաեւ կը յայտնէ, որ թշնամին կորուստներ կրելէ ետք ետ շպրտուած է եւ բանակը յաջողած է երէկ գրաւուած զինուորական կէտ մը վերցնել: Հակառակորդը ունի բազմաթիւ զոհեր, իսկ հայկական ուժերու երկու զինուորներ վիրաւորուած են: