image

«Հայկական Տարազի Արուեստը» հատորը Ապրիլ գրատան մէջ

«Հայկական Տարազի Արուեստը» հատորը Ապրիլ գրատան մէջ

Կլենտէյլի «Ապրիլ» գրատան կազմակերպութեամբ, կիրակի, մայիս 15-ին, երեկոյեան ժամը 6-ին գրատունէն ներս տեղի պիտի ունենայ Լուսին Զէյթունցեանի՝ «Հայկական Տարազի Արուեստը» նոր հրատարակուած երկլեզու գիրքին ներկայացումը։ Այս մասին կը հաղորդէ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթը։

«Հայկական տարազի արուեստը» հատորին մէջ հեղինակի կողմէ ներկայացուած լուսանկարներուն կողքին տրուած են ընդարձակ նկարագրութիւններ: Զէյթունցեան գիրքին մասին կը գրէ. «Աւանդական հայկական տարազները, իրենց բարդ նախշերով, թրթռուն գոյներով եւ իւրայատուկ նրբագեղութեամբ, Հայաստանի առասպելական նահանգներու եւ գաւառներու առանձնայատուկ ոճերը կ՛արտացոլացնեն, որպէս հայկական մշակոյթի աւելի լայն արտայայտչամիջոցներու բաղադրիչները»: