image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանը սուրիահայերուս համար հնարաւորութիւններու երկիր եղաւ. Հալէպահայ Ալին Ասլան (Լուսանկարներ)

Հայաստանը սուրիահայերուս համար հնարաւորութիւններու երկիր եղաւ. Հալէպահայ Ալին Ասլան (Լուսանկարներ)

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Հալէպահայ Ալին Ասլան Չարշաֆճեան վերջերս մասնակցած էր «Արմենիա» հեռուստաընկերութեան եւ My Yoga կեդրոնի համատեղ կազմակերպութեամբ «Եթերի թագուհի» Reality Show-ին եւ առաջնութիւնը շահելով, արժանացած է այդ տիտղոսինԱյս առթիւ «Արեւելք» հարցազրոյց ունեցաւ Ալին Ասլանին հետ.


-Տիկ. Ալին,  գիտենք որ Սուրիոյ պատերազմի հետեւանքով Երեւան հաստատուած սուրիահայերու շարքին կը պատկանիք,  ինչպէ՞ս եղաւ ձեր Հայաստան գալը, ին՞չ գործով կը զբաղուէիք Հալէպ, եւ այստեղ ի՞նչ զբաղում ունիք:


-Մենք՝ ես, ամուսինս, երկու զաւակներս կեսուրս եւ կեսրայրս,  2012-ին որպէս պտոյտ, 15 օրուայ համար Հայաստան եկած էինք եւ այդպիսով, պատերազմական իրավիճակի զարգացման պատճառով յարմար չեղաւ վերադառնալ: Հալէպ ես որոշ շրջան  ուսուցչութեամբ զբաղուած եմ, ամուսինս կաղապարի գործարան ունէր, մեր կեանքը դասաւորուած, հանգիստ ապրուստ կը վայելէինք, մինչեւ պատերազմի վրայ հասնիլը: Ինչպէս ըսի, 2012-ին, երբ ձեւով մը հանգամանքներու բերումով հարկադրուած Հայաստան մնացինք, որոշեցինք գործ սկսիլ եւ Սայաթ-Նովա փողոցի վրայ տարածք մը վարձակալեցինք, այն աշխատցնելով որպէս գեղեցկութեան սրահ: Դժբախտաբար գործը յաջող ընթացք մը չունեցաւ եւ մէկ տարի ետք, նիւթական մեծ վնաս կրելով, ստիպուեցանք փակել  գեղեցկութեան սրահը, այժմ ես անգործ եմ, իսկ ամուսինս անձնական ինքնաշարժով թուրիսթներ կը պտտցնէ, սեզոնէն դուրս ալ որպէս թաքսի կ'օգտագործէ օդօն:


-Իսկ ի՞նչն էր պատճառը, որ ձեր դրած ընտանեկան պիզնեսը չյաջողեցաւ:

 

-Մենք Հալէպէն առաջին եկողներէն էինք, այդ ժամանակ դեռ սուրիահայերուն օժանդակող, խորհրդատուական աջակցութիւն ցուցաբերող կազմակերպութիւններ այսքան չկային, կամ եթէ կային, այսքան աշխոյժ չէին, իրենց համար նոր էր սուրիահայերու նման հոսքը: Մենք ալ առաջին օրերէն, թերեւս առաջին սուրիահայերէն էինք, որ գործ դրինք, դեռ շուկային անծանօթ էինք եւ վնասեցինք: Անկէ ետք մեզմէ վերջ եկողներուն միշտ խորհուրդ կու տայի արագ մը գործ չսկսիլ, նախ շուկան սերտել, գոնէ մէկ տարի, ետքը ինչ որ գործ սկսիլ, ներդրում ընել:

 



-Դուք վերջերս մասնակցած էիք «Եթերի Թագուհին» նախագիծին,  ինչպէ՞ս որոշեցիք մասնակցիլ անոր:

 

-«Եթերի թագուհի» նախագիծը «Արմենիա» հեռուստակայանի եւ My Yoga կեդրոնի համագործակցութեամբ իրականացուող ծրագիր էր: Ան, ինչպէս բոլորի մօտ տպաւորուած է, միայն նիհարնալու եւ բարեձեւ տեսք ունենալու մրցոյթ չէր, այլ կապուած էր  կանանց առողջութեան, ապրելաոճի, ինքնավստահութեան, բարեկեցութեան եւ հասարակութեան մեջ ունեցած դերի հետ:

Ծրագիրին մասնակցող կանանց թիւը 20-ն էր, որոնք ընտրուեցան աւելի քան 150 դիմորդներու մէջէն, ան նախատեսուած էր խնդիրներ ունեցող կիներու համար, որոնք իրենց վստահութիւնը կորսնցուցած են, ինչի պատճառով ալ ունեցած են աւելորդ կշիռք եւ անկէ առաջացած առողջական խնդիրներ:

Նախագիծին մասնակցելու որոշում կայացնելս շատ հետաքրքիր ձեւով եղաւ, երբ ծանուցումը կ'ընէին, մէկ նախադասութիւն կար որ անմիջապէս գրաւեց զիս՝ «Դուն աւելի լաւ ճակատագրի արժանի ես», ես ալ նոյն բանին կը հաւատայի, որ ես այս ճակատագրին արժանի չեմ, եւ որոշում կայացուցի դիմել նախագիծին: Անշուշտ ինծի շատ գրաւեց նաեւ մրցանակը՝ հաղորդավար դառնալու հնարաւորութիւնը:

Նախագիծի ժիւրի անդամները տարբեր մասնագիտութիւններու տէր անձեր էին, որոնք ամբողջ ընթացքին մեր հետ զբաղուեցան՝ սննդաբան, հոգեբան, բժիշկ, մարզիչ, հագուստ ձեւաորող եւ այլն: Մեզի շատ որակաւոր մարդոց հետ տարբեր ծառայութիւններէ օգտուելու հնարաւորութիւն տրուեցաւ՝ Կոլտըն Ճիմի մէջ մարզանք, եօկա, մերսումներ, ատամնաբուժ, my food-էն սննդարար ճաշեր, վարսայարդար, դիմայարդար, դէմքի վերականգնում եւ այլն:

 

- Իսկ ի՞նչ ճակատագրի կրող կը համարէիք դուք ձեզի, որ կ'ուզէիք փոխել, աւելի լաւին արժանանալ:

 

-Ինչպէս ըսի, Հալէպի մէջ բարեկեցիկ դասաւորուած կեանք կը վարէի, Հայաստանի մէջ այդ մէկը չկրցայ ունենալ,  տարիքի, վկայականի, տարբեր հայերէն խօսելու եւ այլ տարբեր պատճառներով աշխատանքի հարց ունեցայ, այդ բոլորին գումարած Հալէպի պատերազմական վիճակը, հարազատներս այնտեղ մնալը, բոլորը սթրեսի պատճառ դարձան եւ ես անգործունակ տունը մնալով եւ հոգ շալկելով կշիռք վրայ դրի: Շատ դժգոհ էի իմ  կարգավիճակէս եւ, ինչպէս նախագիծի ծանուցումը կ'ըսէր, համոզուած էի որ աւելի լաւ ճակատագրի արժանի եմ, այսպէս պէտք չէ դասաւորուի իմ կեանքս:

 


 

-Ինչպէս գիտենք, Դուք շահեցաք «Եթերի թագուհի» նախագիծի առաջնութիւնը, եւ խոստացուած  պարգեւի համաձայն, Դուք այժմ հաղորդավար պիտի դառնաք:  Ի՞նչ տեսակի հաղորդաշար պիտի ըլլայ այն, ուրկէ՞ պիտի ցուցադրուի, Դուք պատրա՞ստ էք հաղորդավարուհի դառնալ, ո՞ր հայերէնով պիտի վարէք հաղորդումը, պատմեցէք այդ մասին խնդրեմ:

 

-Այո, պարգեւը հաղորդավար դառնալու հնարաւորութիւնն է, բայց տակաւին մանրամասներուն ծանօթ չեմ, միայն գիտեմ որ Արմենիա հեռուստակայանի միջոցաւ պիտի ըլլայ: Լեզուի պարագային, կարծեմ հեռուստակայանի տնօրէնութիւնն ալ ուրախ պիտի ըլլայ եթէ արեւմտահայերէնով հաղորդում մը ըլլայ, այդ մասին նախագիծի սկիզբն ալ ըսին, որ թերեւս, եթէ Ալինը շահի, առաջին արեւմտահայերէն խօսող հաղորդավարը դառնայ, այնպէս որ լեզուի հարց չեմ կարծեր ըլլայ:

Հաղորդավարուհի դառնալու պատրաստ ըլլալու մասին, այո՛, ինչու չէ, այդ մէկը իմ մասնակցութեանս հիմնական նպատակն էր՝ աշխատանք ունենալ: Կասկած չունիմ որ փոքր օգնութեամբ եւ նախապատրաստական աշխատանքով կրնամ յաջող հաղորդավարուհի ըլլալ: Եթէ կամքիս շնորհիւ կրցայ «Եթերի թագուհի» դառնալ, նոյն կամքով ալ այդ մէկը կ'իրագործեմ:


-Կը սպասէի՞ք որ յաղթէք: Ի՞նչ յատկանիշերու հիման վրայ կայացաւ առաջնութեան որոշումը:

 

-Անշուշտ ամէն մարդ յաղթելու յոյսով մը կերթայ: Ես, որպէս սուրիահայ, կ'ուզէի ամէնէն լաւ ձեւով ներկայանալ, որպէսզի մրցանակը շահիմ եւ փաստեմ, որ մենք՝ սուրիահայերս, միայն առնել չէ, որ գիտենք, այլ եթէ առիթը տրուի մեզի, շատ լաւ կրնանք արդարացնել մենք մեզի եւ մեզի տրուած առիթները:

Առաջնութիւնը շահող մասնակցի որոշումը միայն նիհարնալու աստիճանի եւ բարեձեւութեան մակարդակի վրայ չէր հիմնուած, այ,լ  ինչպէս ժիւրին յայտարարեց, մասնակիցի մարդկային արժէքներուն եւ թէ ինչքանով իրենց տուածը կրցաւ իւրացնել, ինչքանով կրցաւ փոփոխութիւն մտցնել իր մէջ՝ դրական առումով :

 

-Սուրիա եղած ժամանակ երբեւէ մտածա՞ծ էիք հաղորդավարուհի դառնալու մասին, կամ կը պատկերացնէիք, որ ձեզի այսպիսի հնարաւորութիւն մը պիտի տրուի՞ ձեր կեանքին մէջ: Կարելի՞ է ըսել՝ Հայաստանը նոր հնարաւորութիւններու երկիր եղաւ ձեզի համար, ի վերջոյ, ի՞նչ տուաւ ձեզի այս փորձառութիւնը:

 

-Հալէպի պարագային, ո՛չ, բնաւ միտքէս չէր անցներ, մանաւանդ, որ ընդհանրապէս աշխատանքային ոլորտի մէջ մտնելու մասին չէինք մտածեր, այն ալ՝ հաղորդավարութեան:  Այո, Հայաստանը բոլոր սուրիահայերուն համար, ամէն մէկուն համար տարբեր ձեւով, նոր հնարաւորութիւններու երկիր եղաւ: Իմ համար   օրինակ  «Եթերի թագուհի» ծրագիրը   նոր  վերածնունդի, նոր հնարաւորութիւններու  առիթ  հանդիսացաւ եւ  օգնեց,  որպէսզի  նոր ընկերներու շրջանակ ձեռք ձգեմ, աւելի լաւ հասկնամ հայաստանցի-տեղացի ժողովուրդի մտածելակերպը, ծանօթանամ շատ լաւ մասնագէտներու հետ, հրաշալի բարիքներ վայելեմ եւ ամէնէն կարեւորը նոր յոյս, նոր երազանքներ ունենամ:

 


-Հայաստան հաստատուած սուրիահայերէն շատեր, Հալէպի մէջ իրավիճակի բարելաւումէն ետք, մտածեցին վերադարձի մասին: Ձեր պարագային ինչպէ՞ս եղաւ, կը մտածէ՞ք վերադառնալ Հալէպ: Ի՞նչ վիճակի մէջ կը գտնուի ձեր տունը, գործատեղին եւ այլն:

 

-Դարձեալ Հալէպ վերադառնալ բնակութիւն հաստատելու համար, ո՛չ, չենք մտածեր, մենք այստեղ արդէն հաստատուած ենք, բայց կ'ուզենք երթալ այնտեղ դասաւորել մեր տունը, տեղը: Տուներնիս տակաւին կայ, փառք Աստուծոյ, թէկուզ քիչ մը վնասուած է, բայց ամուսինիս գործարանէն, որ Պըիտտին շրջանը կը գտնուէր, Պոսթան փաշայի մօտերը,  միայն պատերը մնացած են:

Այսպէս կ'ըսեմ, սակայն ես վերջին անձն էի, որ Հալէպէն դուրս կրնայի ապրիլ, չէի երեւակայէր Հալէպէն դուրս ապրելու մասին, բայց  օրերը այնպէս բերին, որ զաւակներուս սիրոյն սկսայ համոզուիլ: Հիմա Սուրիան եւ Հայստանը հաւասար տեղ ունին իմ մէջս, Հալէպը կը մնայ   իբրեւ  ծննդավայր, մեզի համար ամէն ինչ, լաւ օրերու մասին յուշերը հոն են, ինչքան ալ հոս լաւ օրեր, լաւ յիշատակներ ունենանք, յուշերու հիմքը հոն կը մնայ: Ես այսօր եթէ կամ, Սուրիոյ շնորհիւ է, եւ եթէ կը գոյատեւեմ՝ Հայաստանի շնորհիւ  է, որ կը գոյատեւեմ:

Շատ ուրախ եմ  այս նախագիծին յաղթող ճանչցուելուս համար, իմ անձէս աւեի, որպէս սուրիահայ, որ առիթը ունեցայ սուրիահայերուն պատիւը պահելու, Սուրիոյ՝ պզտիկ շնորհակալութեան ձեւ մըն է ասի  եւ մեծ հպարտութիւն է ինծի համար: