Լիբանանի Հանրապետութիւնը այսօր կը նշէ իր անկախկութեան 74-րդ տարեդարձը: 1943 նոյեմբեր 22-ին Ֆրանսայի տիրապետութենէն իր անկախութիւն հռչակած երկիրը կը համարուի Միջին Արեւելքի քարտէզին վրայ գտնուող ամէնէն «զգայուն» եւ ռազմավարական դիրք ունեցող երկիր:
Իր համայնքային դրութեամբ, դաւանանքներու հանդէպ յարգանքով եւ մանաւանդ իսլամ- քրիստոնեայ համակեցութեան գաղափարով ու դրուածքով Լիբանան կը հանդիսանայ առանձնայատուկ առաւելութիւններ ունեցող երկիր մը, որ սակայն տարբեր փուլերու ընթացքին իր մշակութային- կրօնական հարստութեան պատճառով թիրախ դարձած է շրջանային մեծ համարուած տէրութիւններու հարուածներուն: Այսօր ալ նոյնն է պատկերը ու գաղտնիք չէ, որ Լիբանան յայտնուած է Ռիատ- Թեհրան պարանձգութեան եւ լարուածութեան կիզակէտին ու այդ երկիրներէն իւրաքանչիւրը կը փորձեն իրենց «կամք»ը պարտադրել Լիբանանի մէջ:
Իւրաքանչիւր կողմ ունի իր շահերն ու «հետեւորդ»ները եւ այս պարունակին մէջ Լիբանանի հանդէպ հաւատարմութիւնն ու պատկանելիութեան զգացումը կը նահանջեն:
Ուրախալի է, որ այս հանգրուանին ու հակառակ Ռիատի կողմէ Թեհրանի դէմ շղթայազերծուած անսանձ պայքարին,Լիբանանցիք շարունակեցին մնալ անկախ եւ կառչեցան երկրի միասնակամութեան հիմնարար գաղափարին:
Յստակ է նաեւ, որ Լիբանանեան բանակի զօրանոցներէն մինչեւ Պաապտայի նախագահական պալատ հասած երկրի նախագահ զօր. Միշէլ Աուն, իր հայրենասէր եւ անզիջող առաջնորդի դերակատարութեամբ կը փորձէ ամէն գնով պահապանը դառնալ համայն լիբանանցիներուն:
Չմոռնանք, որ Միջին Արեւելքի զարգացումներուն առընթեր եւ շրջանին մէջ մղուող մեծ ու փոքր պատերազմներուն մէջ Լիբանան յաջողեցաւ պահպանել իր ներքին անդորրը, որուն ջատագովներն են արեւմտեան շարք մը երկիրներ եւ Ռուսաստան:
Եւ այսօր իր անկախութեան տօնը նշող երկիրը անգամ մը եւս կանգնած է կարեւոր անկիւնադարձի մը առջեւ: Ու այս փուլին ինչպէս բոլոր փուլերուն հայութեան ու Հայաստանին համար սիրելի այս երկրին թիւ մէկ խնդիրը ներքին միասնականութիւնն է, որ ապագայի բոլոր նուճումներուն վէմը պիտի դառնայ:
Արեւելք