image

Հայաստան պիտի շարունակէ դուրս մնալ շրջանային ծրագիրներէն. Էրտողան

Հայաստան պիտի շարունակէ դուրս մնալ շրջանային ծրագիրներէն. Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան երեսփոխանական նիստին ընթացքին խօսած է դրացի երկիրներուն հետ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւններուն մասին:

Ըստ թրքական «Մայնե»չ լրատուական կայքին՝ Էրտողան նաեւ անդրադարձած է Հայաստանին՝ պնդելով. «Հայաստանը, մասնաւորապէս Սփիւռքի ազդեցութեամբ, փակ պահեց մեր երկրին հետ բարեկամական կապերը եւ դուրս մնաց բեռնափոխադրութեան, ուժանիւթի եւ առեւտրական ճանապարհներէն: Այդ վիճակը այդպէս ալ պիտի շարունակուի»։

Ան ընդգծած է, որ Թուրքիա կը համագործակցի Կովկասի, յատկապէս Վրաստանի, Միջին Ասիոյ եւ հարաւային Ասիոյ երկիրներու հետ: Ըստ անոր՝ նշեալ օրինակները ցոյց կու տան, թէ Թուրքիա կը փափաքի աշխուժացնել յարակից երկիրներու հետ յարաբերութիւնները:

Էրտողան նաեւ նշած է, որ Անգարա պիտի շարունակէ պայքար մղել Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան եւ կիւլենական համայնքի ներկայացուցիչներուն դէմ, որոնք երկրին մէջ ահաբեկչական կազմակերպութիւններ կը համարուին: