image

Հայաստան նոր խորհրդարան պիտի ընտրէ. Քաղաքական պայքարը «կը թէժանայ»

Հայաստան նոր խորհրդարան պիտի ընտրէ.  Քաղաքական պայքարը «կը թէժանայ»

   Կարէն Կարապետեանի երկրի վարչապետ նշանակումով նոր շրջափուլի մը սկիզբը կը դրուէր Հայաստանի մէջ:

 Անոր նշանակման առաջին օրերուն անգամ քիչ չեղան այն խօսակցութիւնները, որ Մոսկուա նոր դերաբաշխում կը կատարէ Հայաստանի մէջ: Ճիշդ է նաեւ այն հանգամանքը, որ Կարապետեան այդ պաշտօնը կը ստանձնէր,առանց ունենալու ներքին ճակատի մը՝ այս պարագային իշխող Հանրապետական կուսակցութեան  «հովանին», սակայն բացորոշ կը դառնար, որ վարչապետ նշանակուելու իր համաձայնութիւնը տուած Կարապետեան ունէր յատկապէս Մոսկուայի այնքան կենսական զօրակցութիւնն ու նեցուկը:

 Այս բոլորէն անդին կայ նաեւ այն ձեւակերպումը,  ըստ որուն Հայաստանի  «գործերը» վարելու համար անպայման կարիք չկայ իշխանական կուսակցութեան   զօրակցութեան:

 Ժամանակները փոխուած են յատկապէս Մոսկուայի համար ու Գրէմլին իր կատարած  ընտրութիւններուն եւ ցանկացած կէտի մէջ իր «նախասիրած» անձը տեսնելու փափաքին մէջ միշտ հաշուի չառնէր անձնաւորութեան մը  ունեցած թեքումներն ու  քաղաքական անցեալը:

 Այս բոլորին մասին կը կիսուինք այն պահուն, երբ Հայաստան կը պատրաստուի ընտրել երկրի նոր խորհրդարան, որ պիտի ըլլայ խորհրդարանական  համակագրով կառավարուելու պատրաստուող  երկրին առաջին խորհրդարանը:

 Եթէ արագ հայացք մը նետենք մինչեւ  այս պահը «հասունցած» պատկերին վրայ, ապա պարզ պիտի դառնայ,  որ գալիք ընտրութեանց  պիտի մասնակցին հինգ գլխաւոր ուժեր:

 Այսպէս՝ իշխող «Հանրապետական» կուսակցութիւնէն եւ ԱԺ ընդդիմադիր պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանի շուրջ ձեւաւորուած «ԵԼՔ»-էն բացի, հերթաբար  իրենց   ընտրական ցուցակները պիտի համալրեն ԲՀԿ առաջնորդ  Գագիկ Ծառուկեանի «Ծառուկեան» դաշինքը, Արթուր Պաղտասարեանի «Հայկական  վերածնունդ»ը,  ՀՀ առաջին նախագահ    Լեւոն Տէր Պետրոսեանի  գլխաւորած ՀԱԿ-ը, եւ ՀՅԴ-ն:  Այս  հիմնական «պլոք»ներէն բացի անշուշտ կան ՀՀ նախկին Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի ու անոր գործակիցներու խմբաւորումը, Ռաֆֆի Յովհաննիսեանի ղեկավարած «Ժառանգութիւն»ը, Հայոց Համազգային Շարժումը  եւ այլ փոքր  խմբակներ,  որոնք մինչեւ այս պահը  չեն յաջողած վերջանականօրէն կողմնորոշուիլ:

 Այստեղ դիտարկելու կարգով պէտք է նաեւ ըսել, որ չի բացառուիր, որ վերը նշուած խմբաւորումներէն որեւէ մէկը (անշուշտ նկատի չունիմ գլխաւոր համարուող  ուժերը)  կրնան վերջին  պահուն  միանալ գլխաւոր համարուող  ուժերէն որեւէ  մէկուն:

 

  • Ծառուկեան եւ վստահութեան  հարցը

 

 Անցնող օրերը բաւականին «փոթորկալից» օրեր եղան Գագիկ Ծառուկեանի շուրջ բոլորուող ու մօտիկ յառաջիկային կազմուող «Ծառուկեան» դաշինքին համար:

 Այն իմաստով, որ մինչեւ երէկ կը խօսուէր երկու աւանդական կուսակցութիւններու՝ ՍԴՀԿ-ին  եւ ՌԱԿ-ին Ծառուկեան դաշինքին միանալու  մասին, այսօր  արդէն այնտեղ այլ պատկեր մը կայ: Տարբեր  օղակներ  իր մէջ «ներդնել» փորձող Ծառուկեան, որ պիտի փորձէ ամէն գնով ստուար ներկայութիւն մը  ըլլալ յառաջիկայ  խորհրդարանին մէջ  եւ նոյնիսկ ստանձնել երկրորդ քաղաքական  ուժ  ըլլալու  «պարտականութիւն»ը:

 Այս  բոլորէն  բացի հայրենի ժողովուրդի յիշողութեան մէջ վառ է տակաւին այն պահը, երբ նոյն Գագիկ Ծառուկեանը տեղի տալով ՀՀ նախագահ Սերժ  Սարգսեանի ճնշումներուն եւ երկիրը «արիւնահեղութենէ հեռու պահելու» հիմնաւորեալ պատրուակով «փակեց քաղաքական էջ»ը եւ «հեռացաւ» քաղաքական  բեմահարթակէն:

Այս բոլորը ցոյց կու տան նաեւ, որ Ծառուկեան շատ հաւանաբար պիտի գործակցի ՀՀԿ-ի հետ եւ դառնայ իշխանութիւններուն «երկրորդ ձեռք»ը:

 Ինչպէս անոր «հեռացում»ը, նոյնպէս ալ անոր «վերադարձ»ը  անհատական   որոշումի  մը արդիւնքը չեն:

 Խնդիրը հիմա հետեւեալն է, «Ծառուկեան» դաշինքը պիտի կարողանա՞յ շահիլ ժողովուրդի վստահութիւնը, որ ներկայ պահուս կը գտնուի բաւական մթագնած եւ աղօտ փապուղիի մը մէջ:

  • Իշխանութեան «երիտասարդացո՞ւմ»

 ՀՀ Նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի «Հանրապետական» կուսակցութիւնէն հեռանալը անսպասելի չէր: Նախ անոր համար, որ  նախկին  վարչապետը, որ կը համարուի իշխող կուսակցութեան ընտրութիւնները կազմակերպող հիմնական «տինամո»ն դժգոհութիւն յայտնած էր յետ  վարչապետութեան իր  կարգավիճակէն: Բաց աստի  կար նաեւ  Ծառուկեանի «գործօն»ը: Աբրահամեան, (չմոռնանք,որ Աբրահամեան եւ Ծառուկեան ունին խնամիական կապեր) որուն  «Ծառուկեան»  դաշինքին մասնկացութեան հարցը մինչեւ այս  պահը տակաւին չէ վճռուած, ինքզինք բաւական «ուժեղ» կը  զգայ մանաւանդ «Արարատ» մարզէն ներս:

 Բնական է նաեւ, որ  «Հանրապետական» էն ներս   եղող խմորումները  «անհանգստութիւն»  պատճառած  են  Աբրահամեանին, որ ըստ  երեւոյթին    կուսակցութիւնէն ներս  «ամուր»  պազա մը չունի:

 Այս բոլորին  զուգահեռ   գաղտնիք չէ, որ ՀՀԿ-ն յառաջիկայ ընտրութիւններուն պիտի ներկայանայ բոլորովին այլ «թիմ»ով: Յիշեցնելու կարգով պէտք է շեշտադրել  նախագահ Սերժ Սարգսեանի   բարեփոխումներու  մասին խօսքը եւ ըստ երեւոյթին տեղի ունեցող գործընթացները, նոյնպէս  պայմանաւորուած  են այդ  բարեփոխումներով:

 

  Այս առումով չի  բացառուիր նաեւ, որ միայն վերջերս այդ կուսակցութեան  անդամակցած Կարէն Կարապետեանը եւս կ'ունենայ իր «բայ»ը կուսակցութիւնէն ներս: Այդ  պիտի նշանակէ երիտասարդ եւ բոլորովին նոր քատրերով համալրում կատարել եւ  ստեղծել   ներքին  նոր հոսանք:

 

 Այս բոլորը անշուշտ տեղի կրնան ունենալ յառաջիկայ ապրիլի ընտրութիւններէն առաջ  եւ այդ ընտրութիւններուն, որպէս լրացում:

 

«Հանրապետական»ը պիտի դառնայ յառաջիկայ խորհրդարանի գլխաւոր ուժը, սակայն երեւելի է նաեւ, որ մենք պիտի տեսնենք, բոլորովին նոր տեսակի իշխող «Հանրապետական» մը, որուն ուսերէն թօթափուած պիտի ըլլան անցնող 5 տարիներուն  երկրի  ազգային ժողովին անդամ եղած «յայտնի դէմքեր»ը:

 Այս բոլորէն  անդին յստակ  է նաեւ, որ քաղաքական ընդհանուր տեսարանը պիտի ունենայ  բոլորովին նոր պատկեր:

 Աւելին խորհրդարանը մեծամասնութեամբ իր «ձեռքերուն» մէջ պահող իշխանութիւնը պիտի ներկայանայ իրարմէ տարբեր,բայց իրար հետ «համագործացկող»  ուժերով:

 Այս բոլորին հետ նկատելի պիտի դառնայ, որ «Հանրապետական» կուսակցութիւնը  մեծ ճիգեր պիտի  գործադրէ դարմանալու եւ նոր դէմքերով հանդէս գալու   նպատակով:

 

  • Նոր ընդդիմութիւնը  շո՞ւք թէ իրականութիւն

Երբ ՊՆ նախկին նախարար Սէյրան Օհանեան սկիզբը դիմատետրի  գրառումներով ու աւելի ուշ պատկերասփռուած յայտարարութիւններով  հանդէս  եկաւ, շատեր զարմացան: Զարմացան, որովհետեւ   երկար տարիներ իշխանութեան հիմնական օղակներէն մին «պահած» (նկատի ունիմ բանակը. Ս.Ա.) Օհանեան, մինչ  այդ  իշխանութեան «բարի  զաւակ»ն էր1 Ու   տարբեր առիթներով խօսուած էր այն մասին, որ Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնէն ետք ան շատ աւելի կարեւոր «փոսթ» մը պիտի ստանձնէ, բայց այդպէս չեղաւ: Այս բոլորին մէջ  անշուշտ  մեծ   «դեր» ունեցաւ «Ապրիլեան քառօրեայ»ն: Ու այդ «միքրո» պատերազմի հետեւանքները ստիպեցին, որ նախագահ Սարգսեան ամէն գնով վերատեսութեան ենթարկէ երկրի պաշտպանական ընդհանոր համակարգը ու  աւելի ուշ իր պաշտօնէն հեռացնէ Սէյրան Օհանեանը:

 Ուրեմն Օհանեանի առած եւ առնելիք քայլերը կը կատարուին «քէն»ի մը արդիւնքով:Հասարակութեան համար ալ քիչ մը անմարսելի է, որ երկար  տարիներ իշխանութեան «վազող ձին» դարձած Օհանեան մէկ օրէն  միւսը դառնայ արմատական ընդդիմադիր  եւ  ներկայանայ, որպէս  երկիրը  իր ծանր վիճկէն «փրկող» լիտէր:Այս առումով ալ կը սպասուին կարեւոր զարգացումներ: Օհանեան պիտի միանա՞յ «Ծառուկեան» դաշինքին, կամ թէ ինքզինք աւելի «ապահով» պիտի զգայ առանձինն շարունակելով առաջնորդել նոր  ընդդիմութեան մը «նաւ»ը, որուն մէջ նստողներուն մէջ կան ուժեր, որոնք տարբեր թելերով կապուած են նախկին նախագահ Ռոպէրթ Քոչարեանին:  

  Այս բոլորէն անդին  հիմնական հարցադրումը կը մնայ հետեւելը, պիտի  կարողանայ Օհանեան հաւտարիմ մնալ  իր իսկ բարձրացուցած «արմատական ընդդիմութեան» նշաձողին, կամ թէ անոր բոլոր քայլերը «առժամեայ» քայլեր են եւ ան մօտիկ ապագային պիտի վերադառնայ իր հին դիրքերուն ու «ներում» ստանալով դառնայ  իշխանութեան   նոր տարբերակ մը1

 Հայաստանի  նման «փոքր» րէսորսներ ունեցող երկրի մը պարագային դժուար է վերջնական եզրակացութիւններու յանգիլ:

Միով բանիւ յստակ է, որ երկրին մէջ քաղաքական նոր օրակարգ մը կը ձեւաւորուի ու յստակ է նաեւ, որ խաղի կանոնները չյարգող բոլոր  կողմերը կը գտնուին «մեկուսացման» մէջ:

 Բան մը, որ կը  բխի Հայաստանի այսօրուան իշխանութեան շահերէն եւ  ըստ երեւոյթին Հայաստանի ընդհանուր շահերէն, այնքան ատեն, որ նոր եւ  իշխանութիւնը վերափոխելու  պատրաստ ճշմարիտ ուժեր չկան:

 

 Սագօ Արեան

 

«Արարատ»/ Պէյրութ