image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին՝ վնասներու ենթարկուած.աղբիւր

Հալէպի  Սուրբ Աստուածածին  եկեղեցին՝    վնասներու ենթարկուած.աղբիւր

Հալէպի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին երէկ  վնասներու ենթարկուած է: Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք Հալէպի «Արեւելք»ի աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ երէկ  (13.07)  կէս գիշերին    Հալէպի Վիլլաներ շրջանին վրայ նետուած հրթիռներուն հետեւանքով   շրջանի   բնակարաններուն կողքին վնասուած է նաեւ հայկական եկեղեցին: Նշենք, որ եկեղեցիին մօտ կը գտնուի   Հալէպի «Կրթասիրաց» վարժարանը,  որ   բարեբախտաբար  վնասներ չէ կրած: