Հալէպի Հայ Աւետարանական Փէթէլ վարժարանի ուսանող ՝ Էլիաս Ֆարահ երկրորդ հանդրիսացած է Սուրիոյ գիտական ողիպիականին: Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք «Արեւելք»ի մեր աղբիւրէն, որ նաեւ նշեց, թէ աւելի ուշ իր ծնողներուն ընկերակցութեամբ, 26 Յունուարին ներկայացած է Հայ Աւետարանական համայնքի կեդրոնատեղի եւ ընդունուած Սուրիոյ հայ աւետարանական համայնքի նախագահ Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեանին կողմէ:
Վերապատուելին բարձր գնահատած է Էլիասի աշխատանքն ու ծնողքին քաջալերանքը, ապա ան նշած, թէ նոյնիսկ երկրիս դիմագրաւած թէժ պայմաններու բերումով անհատներու կեանքէն ներս, երբ կը պակսին կենցաղային տարրական պէտքերը, պանծալի երեւոյթ է ուսումնատենչ երիտասարդներու գոյութիւն ունենալը, որոնք կը խթանեն իրենց շրջապատը: Հանդիպման աւարտին վերապատուելին պարգեւատրած է Էլիաս Ֆարահը` նուիրելով անոր 100.000 ս.ո. ու կրթական նպաստ` Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական Վարժարանէն ներս մինչեւ 12-րդ կարգ անվճար իր ուսումը շարունակելու: Հարկ է յիշել, որ Իլիաս Ֆարահ այս առիթով Դամասկոսի մէջ պարգեւատրուած է նաեւ Առաջին Տիկնոջ Ասմա Ասատի կողմէ: