Սուրիոյ մէջ պայքար մղող ահաբեկչական խմբաւորումներու միաւորներուն միջեւ առաջացած պառակտումը պատճառ դարձած է, որ սէուտցի ահաբեկիչ Ապտ Ալլահ Ալ Մուհայսինի վտանգի շեփոր հնչեցնելով կոչ ուղղէ ահաբեկչական խմբաւորումները միաւորելու եւ միասնական պայքար մղելու Սուրիոյ բանակին դէմ, շեշտելով, որ հակառակ պարագային վերջիններս առաւել մեծ յառաջխաղացում պիտի արձանագրեն: Այս մասին կը գրէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:
Ալ Մուհայսինի ճանչցած է Հալէպի արուարձանի եւ Իտլիպի մէջ Սուրիոյ բանակի տարած յաղթանակը, ինչպէս նաեւ խոստովանած է, թէ զինեալ խմբաւորումները կորսնցուցին իրենց մարտական կամքը, ի տես Սուրիոյ բանակի նուաճումներուն:
«Telegram»ի իր էջին Ալ Մուհայսինի բարձրաձայնած է, թէ այն, ինչի հասած են զինեալ խմբաւորումները այսօր հետեւանք է ներքին բախումներուն: