Սուրիա- Նախօրօք յայտնած էինք, իր Հալէպի մէջ արդէն իսկ բացուած է «Շէյխ Մաքսուտ»ի անցքը: Սոյն անցքը կարեւոր է նաեւ Հալէպահայութեան համար տրուած ըլլալով, որ այդ շրջանը 3 տարիէի ի վեր կը մնար փակուած եւ շրջանին մէջ բնակարան եւ խանութ ունեցող ազգայիններուն համար հոն հասնիլը դարձած էր գրեթէ անհնար: Անցքը կը գործէ առաւօտեան ժամը 7-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 1-ը եւ քաղաքացիներ կրնան միայն յետիոտն անցնիլ շրջանէն: «Արեւելք» իր Հալէպի աղբիւրներուն շնորհիւ յաջողեցաւ ստանալ հետեւեալ տեսանիւթը, ուր բացորոշ կերպով երեւելի է քաղաքացիներուն տեղաշարժը: