image

Հալէպ. Սննդամթերքի Բաշխում Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Կողմէ

Հալէպ.  Սննդամթերքի Բաշխում   Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Կողմէ

Հալէպի հայ բնակչութեան  հերթական  անգամ սննդանիւթ բաշխուած է: Այս մասին տեղեկութեան վերահասու կը դառնանք Հալէպի Հայ Աւետարանական  «Բէթէլ» Եկեղեցւոյ Ֆէյսպուքեան էջէն: Նշենք, որ  այս առաջին անգամը չէ, որ Հայ  Աւետարանական եկեղեցին նման նախաձեռնութեամբ  մը հանդէս կու գայ:  Կը հաղորդուի նաեւ, որ սննդամթերքը բաշխուած է  անխտիր  բոլոր դիմորդներուն:  Բաշխման աշխատանքներուն վերահսկած է  Սուրիոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ նախագահ Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան: