Հալէպի «Նոր Գիւղ» հայկական շրջանին մէջ երկու հայ վիրաւորներ գրանցուած են: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նոյնպէս յայտնեց, որ վիրաւորեալներն են ՝ Հռիփսիմէ Ղազարեան եւ Սօսի Ղազարեան- Հէքիմեան: Մինչ Հռիփսիմէ Ղազարեան դուրս եկած է հիւանդանոցէն, անդին այսօր պիտի ենթարկուի վիրաբուժական գործողութեան: «Արեւելք» աւելի վաղ յայտնած էր Հալէպի տարբեր շրջաններուն դէմ եղած ծանր հրթիռարձակումներուն մասին`յայտնելով նաեւ, որ երէկ գիշեր հրթիռարձակումներուն հետեւանքով զոհերուն թիւը հասած էր 50-ի իսկ վիրաւորներունը ՝ 150-ի: