Ղարաբաղա- ազրպէյճանական սահմանային գիծերու ուղղութեամբ ազրպէյճանեան կողմը երէկ հերթականին պէս հրադադարի խախտումներ կատարած է: Այս մասին կը տեղեկացնէ ԼՂՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ ազրպէյճանեան ուժեր շուրջ 65 անգամ խախտած են ապրիլին հրադադարի կապակցութեամբ եղած պայմանաւորուածութիւնը: Հրանետերէ արկեր նետուած են յատկապէս Մարտակերտի շրջանի ուղղղութեամբ: