image

Հակառակ տուած խոստումներուն... Իսրայէլ կը շարունակէ սպառազինել Ատրպէյճանը.Al Akhbar

Հակառակ   տուած  խոստումներուն... Իսրայէլ կը շարունակէ   սպառազինել Ատրպէյճանը.Al Akhbar

 Լիբանանեան «Ալ Ախպար»ը կը գրէ.

 

Իսրայէլի խոստումները Հայաստանին՝ Ատրպէյճանին զէնք ուղարկելը դադրեցնելու վերաբերեալ, կը թուի թէ աւելի լռեցնելու փորձեր են, քան լուրջ խստումներու: Այս մասին կը վկայէ մինչեւ երէկ դէպի Պաքու զէնքի փոխանցման շարունակութիւնը: Թէլ Աւիւ Ատրպէյճանին զէնք ուղարկելու դադրեցումին մէջ աւելի մեծ վնաս կը տեսնէ իրեն համար, քան Երեւանի զայրոյթին մէջ:

Իսրայէլը արդեօք սառեցո՞ւց զէնքի փոխադրութիւնը Ատրպէյճան, նկատի ունենալով, որ մինեւ երէկ բեռնատար օդանաւերը աշխոյժ կերպով իսրայէլեան զէնք կը փոխադրէին Ատրպէյճան: Հայաստանը կը հաւաստիացնէ, թէ խոստում ստացած է Իսրայէլէն  Պաքուին  զէնքի   մատակարարումը  սառեցնելու կապակցութեամբ, մինչ Իսրայէլ պաշտօնապէս տակաւին լուռ է: Իսկ ատրպէյճանական կողմը կ'ուրանայ իսրայէլեան զէնքեր ստանալու փաստը եւ հայկական լուրերը «սուտ» կ'որակէ: Յայտնի է, թէ Իսրայէլը Ատրպէյճանին կողքին կանգնած է, վերջինիս Հայաստանի դէմ պատերազմին մէջ, որով հակամարտութեան առաջին օրէն իսկ սկսաւ իսրայէլեան արդիական զէնքեր ուղարկել Պաքուին, որոնց մէջ անօդաչու թռչող սարքեր եւ ինքնասպան ինքնաթիռներ, եւ այլ սարքաւորումներ, որոնք ըստ Կովկասէն եկած լուրերուն օգտագործուած են թիրախաւորելով հայկական կեդրոնները, պատճառելով մարդկային եւ նիւթական լուրջ վնասներ եւ զոհեր:

Իսրայէլի կեցուածքը սպասելի էր, լուռ մնալ պաշտօնապէս, սակայն Ատրպէյճանի կողքին կանգնիլ: Իսրայէլը կը փորձէ զինուորապէս Ատրպէյճանին աջակցելու կողքին, պահպանել Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները: Իսրայէլեան մի քանի լրատուականներ յայտնած են պատճառը Իսրայէլի պաշտօնական լռութեան: Այսպէս, «Եատիհոթ  ահրոնոթ»ը իր 29/09/2020 թիւին մէջ կը գրէ. «Անցնող երկու տարիներուն, Իսրայէլի եւ Ատրպէյճանի միջեւ անվտանգութեան համագործակցութեան արդիւնքով, ատրպէյճանական բեռնատար օդանաւեր Իսրայէլի բանակին պատկանող օդակայաններ   վայրէջք  կը կատարէին  եւ  պատերազմական տարբեր սարքաւորումներ Պաքու կը   փոխադրէին: Յատկանշական է, որ ներկայ հակամարտութեան նախօրեակին, Պաքուին եկած երկու բեռնատարներ   հասած են Իսրայէլ, իրողութիւն է նաեւ, որ պատերազմը սկսելէն ետք ալ կրկնուած է, հակառակ հայկական կողմի բողոքներուն»: