image

«Հակառակ բոլոր տեսակի դժուարութեանց Հալէպի մեր կրթական համակարգը տակաւին կանգուն է»Հալէպահայ դաստիարակ Զեփիւռ Սեմերճեան

«Հակառակ  բոլոր տեսակի դժուարութեանց Հալէպի  մեր կրթական համակարգը տակաւին կանգուն է»Հալէպահայ դաստիարակ  Զեփիւռ Սեմերճեան

«Արեւելք»ի հարցերուն պատասխանեց անգլերէն լեզուի վաստակաշատ ուսուցիչ՝ տիկին Զեփիւռ Սեմերճեան: Տիկին  Սեմերճեան  աւարտած է Հալէպի Անգլերէն Գրականութեան պետական համալսարանը:  25 տարիներու ընթացքին  ան դասաւանդած է Հալէպի Ազգ. Սահակեան վարժարանէն ներս, ապա պատերազմի բերումով  հերթաբար  պաշտօնավարած է  Ազգ. Կիւլպէնկեան վարժարանի   եւ Ազգ. Միացեալ վարժարանէն ներս։

 


- Մինչեւ վերջերս մաս կը կազմէիք Հալէպի կրթական համակարգին, որպէս ուսուցիչ: Ի՞նչ պատճառներով հեռացաք ձեր պաշտօնէն: Ի՞նչն էր ամէնէն յատկանշականը  ձեր  երկար տարիներու  փորձառութեան ընթացքին:


Նախ կ'ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Աստծոյ, որ առիթը տուած է ինծի վարելու տարբեր սերունդներ դաստիարակելու գործը:  Կը կարծեմ որ կարողութեան սահմաններուս մէջ լաւագոյնս ըրած եմ, գործս շատ սիրած եմ, եւ տակաւին կը սիրեմ:

Դադրիլս ունէր հիմնական պատճառներ, առաջինը որ պատերազմի բերումով սկսած էի ճնշուած զգալ, եւ վախցայ որ առողջապահական վիճակս վատ անդրադառնայ աշակերտներուն վրայ: Նաեւ ուզեցի առիթ տալ նոր ու երիտասարդ ուժերուն:

Սակայն գլխաւոր պատճառը այն էր, որ կը ծառայեմ Հալէպի հայ Առաքելական եկեղեցւոյ եղբայրակցութեան մէջ, եւ ուզեցի կեանքս շարունակել Աստծոյ ծառայելով եւ Իրեն համար գործելով:


- Պատերազմի հետեւանքով, ինչպէս բոլոր Հալէպի բնակիչները, հայութիւնը եւս,   դիմագրաւեց բարդ   ժամանակներ։ Այսօր, երբ Հալէպը   վերագտաւ իր   անցեալի խաղաղ   վիճակը , ի՞նչ են այն մարտահրաւէրները, որոնց դէմ պէտք է պայքարի հալէպահայութիւնը:


Պատերազմի օրերուն բոլոր համայնքներն ալ իրար օգնեցին ու օժանդակեցին առանց խտրութեան եւ վստահ եմ որ այդպէս ալ պիտի շարունակեն ընել:

Ես գիտեմ, որ  մեր  ազգը միշտ ալ շինիչ ու դրական եղած է եւ պիտի շարունակէ ըլլալ. զիրար սիրելով, իրարու օգնելով, պիտի յաղթահարենք բոլոր գալիք օրերու դժուարութիւնները: Ճիշդ է թէ չենք գիտեր ինչպիսի օրեր վերապահուած են մեզի համար, բայց իմ կարծիքովս, երբ մենք բոլորս իրար նեցուկ կանգնինք,  կրնանք  յաղթահարել բոլոր տեսակի  դժուարութիւնները։

 

 

-Սուրիոյ մէջ ծագած  պատերազմը ծանր վնասներու ենթարկեց հալէպահայ գաղութը, ձեր տուեալներով յատկապէս կրթական համակարգին մէջ, ինչ փոփոխութիւններ տեղի ունեցան, ի՞նչ էին Հալէպի դպրոցական կրթական համակարգի դժուարութիւնները:


Յուրախութիւն  մեզի եւ  Սուրիոյ պատերազմի  սկիզբէն   8  տարի  անց մեր   կրթական համակարգը   կը շարունակէ մնալ  կանգուն։  Ամէն բան սովորական ու շատ հանգիստ կ'ընթանայ ինչպէս էր նախքան պատերազմը: Հալէպահայութեան մեծամասնութիւնը գաղթեց, հետեւաբար աշակերտներու թիւը նօսրացաւ, ինչ որ պատճառ եղաւ չորս ազգային վարժարաններու միացման, Ազգային Միացեալ վարժարան անուան տակ:

Ես կը հաւատամ, որ եթէ բոլորս կրթական մշակին հետ միասին աշխատինք, կը կարողանանք   մեր  սերունդները, բարձր ու լաւագոյն դիրքերու հասցընել:

Անշուշտ պատերազմի ընթացքին հայ դպրոցը կը  տառապէր նիւթական դժուարութիւններէ, բայց շատ շնորհակալ ենք, որ օտար երկիրներէ բազմաթիւ հայ բարերարներ, սիրայօժար կերպով օժանդակութիւններ ուղարկեցին, նաեւ հոգացին զանազան տեսակի ծախսեր: Մեր մանուկները պատերազմէն առաջ այսպիսի ճոխութիւն թերեւս չէին վայելած, հագուստի կամ ուտելիքի առումով: Կը հաւատամ որ դուրսի օժանդակութիւնները պիտի շարունակուին: Աստուած օրհնէ բարերարները եւ կրկնապատիկը տայ իրենց:

 

-Տիկ. Զեփիւռ ինչ տեղեկութիւններ կրնաք տալ, այն ծնողներու մասին, որոնք դիմագրաւելով նիւթական դժուար պայմաններ, իրենց զաւակները վարժարան ղրկելու նիւթական լուրջ խնդիրներ ունին: Ինչպէ՞ս է այդ ընտանիքներու վիճակը:


Պատերազմը թէեւ ընդհանուր առմամբ դադրեցաւ, բայց նիւթական տագնապի նոր պատերազմ մը սկսաւ:

Պատերազմի բերումով բազմաթիւ ընտանիքներու հայրեր կամ անոնք  որոնք տան հոգատարներն են, անգործ են ներկայիս, որովհետեւ իրենց խանութները կը գտնուին ահաբեկիչներու տիրապետութեան տակ եղող  շրջաններու մէջ:

Այս առումով ալ  ես լիովին վստահ եմ,  որ հայ բարերաները պիտի շարունակեն օժանդակել  մեր   կարիքաւոր ընտանիքներուն:


-Ձեր կարծիքով Հալէպը վերականգնուելու յոյսեր ունի՞: Տարբեր մեկնաբանութիւններ կան այսօրուայ Հալէպի դրութեան մասին, գիտենք որ պատերազմը ամբողջութեամբ չէ հասած իր աւարտին: Կայ նաեւ գաղութը ոտքի պահելու հրամայականը, արդեօ՞ք այսօրուայ Հալէպի ղեկավարութիւնը, պատասխանատուները, համայնքապետերը, կրթական համակարգը, բոլորը միասին կարո՞ղ են վաղուայ դժուարութիւնները դիմագրաւել:


Մենք ազգովին,  միշտ հաստատուն եղած ենք մեր հաւատքին մէջ: Ես յոյսով եմ որ Հալէպը պիտի վերականգնուի: Այնքան ատեն որ երեք պարգեւները՝ հաւատք, յոյս, սէրը մեր սրտերուն մէջ կը դրոշմենք, այսինքն կը հաւատանք եւ դրական յոյս կ'ունենանք, նաեւ իրարու հանդէպ  ՝ սէր, կրնանք յաղթահարել որեւէ դժուարութիւն:

Կը հաւատամ որ մեր Աստուածը կենդանի է, չորցած ոսկորներուն կեանք եւ շունչ եւ կենդանութիւն տուող Աստուածը , կարող է այս փլած ու քանդուած Հալէպն ալ վերականգնել, այդ որքան կը տեւէ չեմ գիտեր, բայց յոյսով եմ որ աւելի գեղեցիկ ու բարօր կեանք կը սպասուի Հալէպին եւ հալէպահայութեան:


- Կ'ըսուի թէ Հալէպը սփիւռքի մայր գաղութն է, արդեօ՞ք ձեզի համար ալ այդպէս է: Ձեր կարծիքով ի՞նչ են գլխաւոր պատճառները որոնց շնորհիւ Հալէպը կը համարուի մայր  գաղութ:


Հալէպը ինծի համար մայր գաղութ է, ան ծննդավայրս է, սկզբունքներս հոս սորված եմ, միտքս հոս լուսաւորուած է: Հալէպը զեղուն է կեանքով,  հոս  թիւով հայութիւն  կար (նախքան պատերազմը), կար նաեւ   ընկերային, հոգեւոր, մշակութային, դպրոցական եւ միութենական կեանք, ամէն տեսակի գործունէութիւն: Այո, Հալէպը մայր գաղութ է: