Բրիտանական The Guardian պարբերականը օրերս զգայացունց նիւթ մը հրապարակած է՝ կապուած դեղերու աշխարհին հետ:
Ըստ թերթին, Եւրոպական Միութեան առողջապահական խորհուրդը վերջերս հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, ուր կը նշուի, թէ ԵՄ-ի կողմէ շրջանառութեան իրաւունք ստացած հակաքաղցկեղային 48 տեսակի դեղերուն մեծ տոկոսը հիւանդներուն մօտ դրական փոփոխութիւն մը իրականացնելու ուժը չունի:
Պարբերականը իր կարգին զրուցած է հակաքաղցկեղային ոլորտին մէջ աշխատող ազդեցիկ բժիշկի մը հետ, որուն հաւաստմամբ այսօր Եւրոպական շուկային մէջ եղող հակաքաղցկեղային դեղատեսակներուն 49 առ հարիւրը անօգուտ դեղեր են եւ ոչ մէկ կերպ կ'օժանդակեն հիւանդի առողջացման կամ անոր վիճակին բարելաւման:
Աւելին, փրոֆ. Հիւսէյն Նասի, որ պատասխանած է The Guardian-ի հարցումներուն, նկատել տուած է,որ Եւրոպական Միութիւնը արագօրէն վերատեսութեան պէտք է ենթարկէ դեղամիջոցներու վերաբերեալ իր ընդհանուր քաղաքականութիւնը եւ մշակէ նոր մեթոտներու վրայ հիմնուած ընդհանուր քաղաքականութիւն մը:
Ըստ բժիշկին ներկայիս շուկաներուն մէջ գտնուող դեղերուն միայն 10 առ հարիւրն է, որ օգտակարութիւն ունի: